2015-01-10 09:58:03

«Բանակը, ժողովուրդն ու դիմադրութիւնը պիտի տապալեն ահաբեկիչները» շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա


Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա շաբաթ, 9 յունուար 2015-ին, Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ իսլամական աշխարհը շնորհաւորեց Մոհամետ մարգարէի, իսկ քրիստոնեաները` Յիսուսի ծննդեան տօներուն առիթով:
Ան նշեց, որ 2015-ի իբրեւ կարգախօս իրենք ընտրած են հետեւեալը. «Մոհամետը` ողորմութեան մարգարէն», աւելցնելով, որ իսլամական կրօնին անունով ոճիրներ գործող ահաբեկիչներն ու հաւատադրժողական խմբաւորումները պատմութեան ընթացքին ամէնէն աւելի չարիք գործած են Մոհամետ մարգարէին դէմ:
«Մոհամետ ողորմութեան եւ խղճի մարգարէն է, եւ հաւատադրժողական խմբաւորումները կ՛աղաւաղեն անոր ուսմունքը, ինչպէս նաեւ կ՛արատաւորեն իսլամութեան դրօշը», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա եւ կոչ ուղղեց իսլամական աշխարհին եւ յատկապէս հոգեւորականներուն ու կրօնաւորներուն` պայքարելու այդ խմբաւորումներուն դէմ:







All the contents on this site are copyrighted ©.