2015-01-09 11:24:44

Հայիթիի երկրաշարժէն 5 տարիներ ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը խորհրդաժողով մը կը գումարէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 10 յունուար 2015-ին, Վատիկանի Պիոս Ժ անուան դահլիճին մէջ, տեղի կ՛ունենայ Հայիթիի մասին խորհրդաժողով մը որուն բնաբանն է ''Եկեղեցւոյ հաղորդութիւնը. Հայիթիի համար յոյս եւ յիշատակ, երկրաշարժէն 5 տարներ ետք''։

Խորհրդաժողովը կազմակերպուած է Քահանայապետական բարեսիրական ''Քոր Ունում'' մարմնի եւ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայիթիի եպիսկոպոսներու համագործակցութեամբ։ Ժողովը գումարուած է Ֆրանչիսկոս քահանայապետի կամքով որպէս նպատակ ունենալով ''վառ պահել ուշադրութիւնը երկրի մը վրայ որ տակաւին կը տառապի աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքէն եւ վերահաստատել Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը Հայիթիի բնակչութեան''։
Խորհրդաժողովը առիթ պիտի ըլլայ նաեւ հաշուեկշիռ մը ներկայացնելու Երկրին հասած օգնութիւններուն եւ այդ ուղղութեամբ նոր ծրագիրներ մշակելու։
Հաւաքին կը մասնակցին Սուրբ Աթոռի եւ Հայիթիի Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու եւ կաթողիկէ բարեսիրական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ։
Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ շաբաթ 10 յունուարի առաւօտեան ժամը 9-ին, Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Մարք Ուելլէի բարի գալուստի խօսքով եւ եւ Քոր Ունում քահանայապետական բարեսիրական մարմնի նախագահ` Կարդինալ Սարայի զեկոյցով։ Ապա ելոյթներ կ՛ունենան եկեղեցական եւ աշխարհական բարեսիրական մարմիններու բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Մինչ ժամը 11,30-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն կը շնորհէ բոլոր ժողովականներուն։

Յետմիջօրէի նիստին ընթացքին ապա առիթ պիտի տրուի վկայութիւններու ներկայացումներուն, հուսկ ժամը 18,30-ին` Կարդինալ Փարոլինը կը գլխաւորէ հաւաքի սուրբ պատարագի եզրափակիչ արարողութիւնը։

Յայտնենք որ 2010 թուականին Հայիթիի կղզին թիրախ դարձաւ ահաւոր երկրաշարժի մը որ ահռելի աւերներ գործեց ու աւելի քան 230 հազար մեռեալ պատճառեց։ Միջազգային Կարմիր խաչի գնահատումով երկրաշարժէն վնասուածներուն զոհերուն թիւը գերազանցած է 3 միլիոնը մինչ երկրին ենթակառոյցներու մեծ մասը կործանած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.