2015-01-08 09:16:08

Ս. Ծննդեան տօնը՝ Պոլսոյ մէջ


ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ «Մարմարա» թերթը հետեւեալ տեղեկագրութեամբ կը նկարագրէ Ս. Ծննդեան տօնը Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ.
«Հակառակ արտակարգ ցուրտ ու աննպաստ օդին, Ս. Ծննդեան տաղաւարի տօնը երէկ (Երեքշաբթի, 6 Յունուար-Խմբ.) շատ ջերմեռանդ մթնոլորտի մէջ նշուեցաւ գրեթէ բոլոր մեր եկեղեցիներուն մէջ, որոնք, ըստ թաղերու բնակիչներու եւ համակիրներու թիւին, լեցուեցան բերնէ բերան։
5 Յունուարի իրիկունը, բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կատարուեցան Ճրագալոյցի մեծահանդէս արարողութիւններ, իսկ երէկ, եկեղեցիներու զանգակները ղօղանջեցին Քրիստոսի Ծննդեան տօնի աւետիսով։ Ժողովուրդը անգամ մը եւս, սկսելով Ճրագալոյցի արարողութենէն, հոգեկան մեծ վայելքով լիացաւ Կիրակիի շքեղ արարողութիւններով ու եկեղեցիներու երդիքիներուն տակ կամ ընտանեկան բոյներէն ներս հնչեցուց տաղաւար առաջին տօնի պատգամն ու պատասխանը. «Քրիստոս ծնաւ ու յայտնեցաւ. ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»։ Մեր ժողովուրդը անգամ մը եւս հետեւեցաւ նաեւ æրօրհնէքի արարողութեան, որ այնքան նշանակալից է տօնական այս օրուան կապակցութեամբ։
Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատոյց եւ քարոզեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, որ ներկաներուն փոխանցեց Ս. Ծննդեան տօնի իր պատգամը։
Ղալաթիոյ Ս. Փրկիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչն էր Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց առաքելական կառավարիչ Լեւոն արք. Զէքիեան։
Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ճրագալոյցի Ս. պատարագը մատոյց Սահակ եպս. Մաշալեան։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիին մէջ պատարագիչն էր եկեղեցւոյ քարոզիչ ու Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան։ Հայաշատ մեր այս թաղի եկեղեցին, ինչպէս միշտ, երէկ ալ կը յորդէր հարիւրաւոր հաւատացեալներով, որոնք ծայրէ ի ծայր լեցուցած էին եկեղեցին, եւ որոնց սիրտերը ջերմացան Թաթուլ հայր սուրբի իմաստալից քարոզով ու մատուցուած գեղեցիկ Ս. պատարագով։
Եկեղեցւոյ դրան առջեւ զետեղուած էին Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէոնիւի եւ Պէշիկթաշի քաղաքապետ Մուրատ Հազինետարի կողմէ ուղարկուած ծաղկեպսակները, իսկ բոլոր մանուկներուն ալ, դարձեա՛լ Պէշիկթաշի քաղաքապետի անունով կը բաժնուէին խմորեղէններ։ Ս. պատարագին հետեւեցաւ նաեւ Շիշլիի նախկին քաղաքապետ Մուսթաֆա Սարըկիւլ, որ փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարընի հետ միասին մուտք գործեց եկեղեցիէն ներս ու մինչեւ վերջ մասնակցեցաւ Ս. պատարագին, իսկ արարողութիւններու աւարտին ալ շրջապատուեցաւ թաղեցիներուն կողմէ։
Սամաթիոյ հայաշատ թաղի հաւատացեալներուն համար ալ երէկ հոգեկան մեծ հրճուանք էր ներկայ գտնուիլ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հանդիսաւոր Ս. պատարագին, զոր մատոյց Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան։ Հայր սուրբը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով գեղեցիկ քարոզ ալ խօսեցաւ ու հաւատացեալներուն փոխանցեց Ս. Ծննդեան մեծ աւետիսը։
Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատոյց Շնորհք աբղ. Տօնիկեան։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ալ պատարագիչն էր Զատիկ աբղ. Պապիկեան։
Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մատրան մէջ պատարագիչն էր Գէորգ Ա. քհնյ. Չընարեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչն էր Գրիգոր Ա. քհնյ. Տամատեան։
Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սարգիս քհնյ. Գույումճեան։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչն էր Զօհրապ քհնյ. Ճիւանեան։
Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագը մատոյց Զաքար քհնյ. Գոփարեան։
Պօյաճըգիւղի Ս. Երից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ ալ Ս. պատարագը մատոյց հիւրաբար քաղաքս գտնուող Պօղոս. քհնյ. Պարոնեան։
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատոյց Մաշտոց քհնյ. Գալփաքճեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.