2015-01-08 13:48:37

Յիսուսեան Միաբանութեան համար, Հնդկաստանի մէջ միջկրօնական երկխօսութիւնը՝ միսիոնարական առաջնակարգ մարտահրաւէրն է։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միջկրօնական երկխօսութիւնը, ժամանակակից մշակոյթներու միջեւ բաղդատութիւնն ու աղքատները'' երեք կարեւորագոյն մարտահրաւէրներն են Հնդկաստանի մէջ Յիսուսեան Միաբանութեան առաքելութեան։

Այս մասին յայտնած է Յիսուսեան Միաբանութեան անդամ՝ Հայր Միքայէլ Ամալոտոս, Աստուածաբան եւ ընդհանուր տնօրէն Թամիլ Նատու մարզի մէջ գտնուող Յիսուսեաններու համալսարանին։

Հնդկաստանի մէջ ''Յիսուսեան միաբանութեան միսիոնարական մարտահրաւէրները'' խորագիրը կրող դասախօսութեան ընթացքին, Հայր Ամալոտոս, յայտնեց թէ Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սավէրիօ, 1542 թուականին մուտք գործած է Հնդկաստան եւ անոր շնորհիւ է որ Յիսուսեան միաբանութիւնը ներկայ է այսօր Ասիական ցամաքամասին մէջ։

Հայր Ամալոտոս շօշափելով ապա ''կրօնները թող համագործակցին մարդու արժանիքներու ի նպաստ'' նիւթը ընդգծեց երեք կարեւորագոյն կէտեր. միջկրօնական երկխօսութիւնը. Աւետարանի արժանիքներու մշակոյթը. Աղքատներու առաջնակարգութիւնը։

''Աղքատներու խնամակալութիւնը յատկանշականն է Յիսուսեան Միաբանութեան առաքելութեան ինչպէս նաեւ երկրին ընկերային եւ դաստիարակչական զարգացման'' ըսաւ Հայր Ամալոտոս աւելցնելով որ ''աղքատներ չեն համարուիր միայն անոնք, որոնք տնտեսական հարցեր ունին, որովհետեւ աղքատութիւնը կրնայ ըլլալ նաեւ մշակութային եւ կրնայ հարուածել զանազան խաւեր, ինչպէս գաղթականները, երէցները, կիները որոնք յաճախ համարուած են որպէս երկրորդ դասակարգի պատկանող անձեր''։ Այս ծիրէն ներս Յիսուսեան կրօնաւորը յիշեցուց՝ միաբանութեան յանձնառումը մեկուսացեալ անձերուն հանդէպ։

Հայր Ամալոտոս, դասախօսութեան աւարտին շեշտեց՝ բնապահպանումի անհրաժեշտութիւնը, յորդորելով պաշտպանել բնութիւնը կործարար եւ անձնասէր մարդու ձեռքէն։







All the contents on this site are copyrighted ©.