2015-01-08 09:13:57

Խափանարարական յարձակում Փարիզի երգիծաթերթին դէմ. 10 լրագրող եւ 2 ոստիկան սպաննուեցան։


7 Յունուար 2015-ի կէսօրին (Փարիզի ժամանակացոյցով ) երկու անծանօթ զինեալներ անակնկալօրէն ներխուժեցին ֆրանսական «Շարլի Էպտօ» երգիծաթերթի խմբագրատուն եւ կրակ բացին հոն գտնուողներուն վրայ: Ֆրանսական ոստիկանութեան համաձայն՝ արձանագրուած են 12 զոհեր եւ եօթը վիրաւորներ, որոնցմէ չորսին վիճակը բաւական ծանր է։ Մահացողներուն տասն խմբագրական կազմի անդամ են, իսկ երկուքը՝ ոստիկաններ։
Ականատեսները նկարահանած են երկու դիմակաւոր անձերը, որոնք «Քալաշնիքով» տիպի գնդացիրներով կրակ բացած են խմբագրութիւնը պաշտպանող ոստիկանին վրայ: Անոնք ոստիկանին դիմելով ըսած են. «Կ՛ուզէիր մե՞զ սպաննել»։ Վերջինը կը պատասխանէ. «Ո՛չ, կը բաւէ, շէֆ», որմէ ետք զինեալներէն մէկը կրակած է ոստիկանին գլխուն:
Դիմակաւորներէն մէկը կրակելու ատեն գոռացած է. «Մենք վրէժխնդիր ենք Մուհամէտ մարգարէին համար»: Այս մասին յայտնած է ականատեսներէն մէկը՝ ընկերային ցանցին մէջ կատարած իր գրառումին մէջ։
Յարձակում գործած դիմակաւորները փախուստ տուած են: Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը 3000 ոստիկան գործի լծած է՝ զանոնք գտնելու համար։
Նշենք, որ այս թերթը յաճախ քննադատութեան թիրախ դարձած է, իր հակաիսլամական գրութիւններուն պատճառով: Իսկ 6 Յունուարի իր թիւով ան հրատարակած էր «Իսլամական պետութեան» ղեկավարներէն Ապու Պաքր Պաղտատիի ծաղրանկարը։
«Շարլի Էպտօ» շաբաթաթերթը յարձակման ենթակայ եղած է նաեւ 2011ին՝ կրկին իսլամականներու կողմէ: «Պի.Պի.Սի.»ին տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին թերթի խմբագիր Ստեֆան Շաղպոնիէն նշած էր, որ խօսքի ազատութիւնը պէտք է շրջանցէ իսլամը: «Եթէ մենք կրնանք խօսիլ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող ամէն բանի մասին՝ ի բացառութիւն իսլամի, ուրեմն ատիկա ձանձրացուցիչ է», յայտնած է խմբագիրը։
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ տեղի ունեցածը որակած է «կատարեալ բարբարոսութիւն», որուն թիրախ դարձած է շաբաթաթերթը, այսինքն՝ խօսքի եւ արտայայտուելու ազատութիւնը: «Ֆրանսան այսօր մեծ ցնցումի մէջ է, անկասկած՝ ասիկա ահաբեկչական արարք է», յայտնած է Հոլանտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.