2015-01-08 09:21:00

«Հուտա» ձիւնամրրիկը կը հարուածէ Միջին Արեւելքի երկիրները։


«Հուտա» ձիւնամրրիկը երէկ հասաւ Միջին Արեւելք` ողողելով շրջանի երկիրները:
Դամասկոսի մէջ երթեւեկը ընդհատուեցաւ եւ դպրոցները երկու օրով փակ յայտարարուեցան:
Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ պաղեստինեան իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն յայտարարեցին: Պաղեստինցի նորածին մը զոհ գնաց կրակարանի ծուխին յառաջացուցած շնչահեղձութեան պատճառով` Թոլքարըմ գաղթակայանին մէջ:
Ծովու մակերեսէն 800 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Երուսաղէմի մէջ երկու մայրուղիներ եւ հարիւրաւոր դպրոցներ փակուեցան իբրեւ նախազգուշութիւն:
Սուէզի եւ Սինայի հարաւը հինգ նաւահանգիստներ փակուեցան «Հուտա» ձիւնամրրիկին պատճառով, որ Լիբանանի մէջ կը կոչուի «Զէյնա», իսկ այլ երկիրներու մէջ` «Փոթորիկներու մայր»:
Յորդանանի մէջ պաշտօնական հաստատութիւններն ու դպրոցները փակ յայտարարուեցան եւ պատկան մարմինները զօրաշարժի մատնուեցան` կանխարգիլելու «Հուտա-Զէյնա» ձիւնամրրիկի հարուածներուն հետեւանքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.