2015-01-07 10:40:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2015 տարուայ առաջին հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Ընտանիքն ու Մայրութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 7 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ շնորհեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Սոյն հանդիպումը հանդիսացաւ 2015 տարուայ առաջին չորեքշաբթի օրուայ ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը շարունակելով Ընտանիքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսքը կեդրոնացուց Մայրութեան վրայ։
''Ամէն մարդ արարած իր կեանքը կը պարտի Մայրի մը, ու գրեթէ միշտ անոր կը պարտի իր էութիւնը եւ մարդկային ու հոգեւոր կազմաւորումը'', ըսաւ Սրբազան Հայրը մատնանշելով թէ ''թէեւ մայրութիւնը խորհրդանշական գետնի վրայ վեր առնուած է, բայց եւ այնպէս առօրեային մէջ անոր ձայնը քիչ անգամ լսելի է եւ ընկերութեան մէջ անոր դերը հազուադէպ նկատի առնուած է''։
Եկեղեցւոյ մէջ եւս մայրերը պէտք է գտնեն ունկնդրութիւն, անոնք միշտ պատրաստ են զոհուելու իրենց զաւակներուն համար։ Մայրերը անհատապաշտութեան ամանէ արդիւնաւէտ դարմանն են. անոնք կ՛ընկալեն իրենց զաւակները զանոնք աշխարհին նուիրելու։ ''Մայրութիւնը մարտիրոսութիւն է'', ըսաւ Քահանայապետը։ Մայրերն են որ կը վկայեն կեանքի գեղեցկութիւնը եւ ամենէ շատ կ՛ատեն պատերազմները որոնք իրենց զաւակները կը սպանեն։
''Ընկերութիւն մը առանց մայրերու անմարդկային ընկերութիւն մը կը դառնայ որովհետեւ Մայրերը նոյնիսկ ամենադժուար պահերուն կը վկայեն քնքշութիւնը, նուիրումն ու բարոյական ուժը'' յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ ''անոնք յաճախ կը փոխանցեն հաւատքի խոր սերմերը, աղօթքներով եւ վարուելակերպով։
''Առանց մայրերու ոչ միայն նոր հաւատացեալներ գոյութիւն չունին այլ նոյնիսկ հաւատքը իր խոր ու պարզ ջերմութիւնը կրնայ կորսնցնել''։
''Սիրելի մայրեր շնորհակալութիւն, շնորհակալութիւն ձեր էութեան համար ընտանիքին մէջ եւ բոլոր այն բաներուն որ կու տաք Եկեղեցւոյ ու աշխարհին '' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը, որուն աւարտին զանազան լեզուներով ողջունեց` Պօղոս Զ Սրահին մէջ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալները, անոնց մաղթելով` 2015-ի այս առաջին ունկնդրութեան առթիւ, յոյսի եւ խաղաղութեան նոր տարի մը, ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ''Կոլտըն Չիրքուս'' կրկէսային խումբի անձնակազմին զանոնք քաջալերելով ըլլալ միշտ ''ժպիտի, եւ ազգերու ու ժողովուրդներու միջեւ զօրակցութեան'' պատգամաբերներ։
Սրբազան Հայրը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն զանոնք հրաւիրելով շարունակել իրենց հայեացքը ուղղելու Մոգերուն հետեւած Աստղին։
Սիրելի երիտասարդներ եղէք Քրիստոսի լոյսին եռանդուն վկաները, սիրելի հիւանդներ այդ լոյսէն ընկալեցէք քաջութիւնը տառապանքին մէջ եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ ձեր հաւատարիմ սիրոյ մէջ եղէք Աստուծոյ լուսաւոր ներկայութեան նշան։








All the contents on this site are copyrighted ©.