2015-01-07 14:53:35

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Աշխարհը կարիքը ունի գեղեցկութեան''


(Ռատիօ Վաստիկան) Չորեքշաբթի, 7 յունուարին, յաւարտ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կատարած չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան, ''Կոլտէն Չիրքուս'' կոչուած կրկէսային խումբ մը հանդէս եկաւ գեղարուեստական փոքրիկ յայտագիրով մը, որուն՝ Նորին Սրբութիւնը ուշադրութեամբ եւ հմայքով հետեւեցաւ։
Յայտագիրին աւարտին , Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած իր երախտագիտական ու քաջալերանքի խօսքի մէջ ըսաւ.
''Մի ըլլաք լոկ ՝զուարճացնողներ եւ ազգերու միջեւ աջակցութեան պատգամաբերներ այլ եղէք նաեւ՝ գեղեցկութեան ստեղծագործներ''։
Ֆրանչիսկոս Պապր իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ գեղեցկութեան մասին ըսելով ''գեղեցկութիւնը կը հանգստացնէ հոգին եւ աշխարհը անոր կարիքը ունի''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ներկայացուց երեք տեսակի բարբառներ` ձեռքի, միտքի եւ սրտի բարբառներ` որոնք իրարու միանալով, կ՛երաշխաւորեն մարդու անձին ներդաշնակութիւնը հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով ''Աստուած ՝ ստուգիւ Ճշմարիտ է, ստուգիւ բարի է եւ գիտէ գործել՝ Ան ստեղծեց Աշխարհը. Աստուած յատկապէս գեղեցիկ է եւ յաճախ կը մոռնանք Աստոուծոյ գեղեցկութիւնը''։
Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով ''Մարդկութիւնը կը խոկայ , կը գործէ եւ կը զգայ՝ բայց այսօր, ան կարիքը ունի գեղեցկութեան ու երբեք չմոռնանք այս մէկը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.