2015-01-07 11:14:35

Տօն Աստուածայայտնութեան Տ.Մ. Յիսուսի Քրիտոսի և Ջրօրհնէք


Երեքշաբթի 06 Յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Զմմառու Վանքի Մայր Տաճարին մէջ Ձայնաւոր Ս. Պատարագ մատուցանեց և Ջրօրհնէք կատարեց Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Փոխանորդ և Մեծաւոր վանքիս՝ Հ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան: Գերապայծառ Հայրը իր քարոզին մէջ նշեց թէ Աստուածայայտնութեան տօնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներուն առաջինն է, ուր Քրիստոսի բոլոր տնօրէնութիւնները համախմբուած կը տօնուին միատեղ, Բ. դարէն սկսեալ: Աստուածայայտնութինը սկիզբն է Փրկչագործութեան և Քրիստոսի Մկրտութիւնը մարդկային սերունդին վերստին ծնունդն է որպէս Աստուծոյ զաւակներ: Արարողութեան աւարտին՝ հոգեւորական դասը, դպրաց դասն ու հաւատացեալները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան վանքիս դահլիճը ուր Տնօրհնէք կատարուեցաւ, յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն տեղի ունեցաւ և փոխադարձ մաղթանքներ կատարուեցան։







All the contents on this site are copyrighted ©.