2015-01-07 10:52:50

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Հարցուցա՞ծ Են Խաղաղութեան Իշխանին
Աշխարհի քաղաքական կեանքը վառօդի համատարած հոտերով, անկասկած մտահոգութիւն կը պատճառէ խաղաղ բնակչութեան, որ իր գլուխը թաքցնելու եւ ընտանիքը ապահովելու մասին խորհելով, նոր անորոշութիւններով, պատմութեան հսկայ ժամացոյցին դիմաց կանգնած է սա պահուն:
Իսկ քրիստոնեայ աշխարհը, յատկապէս Միջին Արեւելեան ապահովական խնդիրներու բորբ վառարանին մէջ, ամրակուռ յոյսերով կը դիմաւորէ աշխարհի Փրկչին Սուրբ Ծնունդը, որուն երկնառաք գլխաւոր առաքելութիւնը մարդոց միջեւ հաճութիւն եւ Աստուծոյ հետ հաշտութիւն հաստատելն էր:
Պատերազմական ներկայ դրութիւնը հնոցի նման ամէն վայրկեան աշխարհի այս կամ այն անկիւնին մէջ բռնկելու հակամէտ, անդիմադրելի կրակի բոցերուն մէջ կը հալեցնէ կեանքը հարիւր հազարաւորներու, որոնց շարքերուն մէջ բացառութիւն չե՛ն կազմեր բազմահազար մանուկներ, որոնք խո՜ր փափաք ունէին ապրելու կեանքը, իրենց անպարփակելի երազներով եւ աստուածատուր բոլոր բարիքներով:
Քաղաքական ղեկավարներու աշխատելաոճը իր երեւցող եւ չերեւցող երեսներով, շատ հաւանականօրէն խորհրդակցութիւններու միջոցաւ կ՛առաջնորդուի: Որովհետեւ լուրերու տեսանիւթերուն մէջ երեւցող քաղաքական դէմքերէն զատ, քուլիսներու ետին միշտ կը գտնուին չերեւցող կարեւոր անձնաւորութիւններ, որոնց խորհրդատուութեամբ յառաջ կը տարուին ազգային եւ միջազգային բանակցութիւնները: Ուրեմն մարդիկ առանձին չե՛ն որոշեր տուեալ երկրի եւ ընդհանրապէս աշխարհի ճակատագիրը: Անոնք միշտ խորհրդակցաբար յառաջ կը տանին իրենց երկրի եւ դրացի թէ հեռաւոր երկիրներու հետ բոլոր մակարդակներու յարաբերութիւնները, որոնք կը թէժանան ճգնաժամային պահերուն:
Աւանդաբար թագաւորութիւն ունեցող երկիրներու մէջ, արքայական եւ իշխանական ծագում ունեցող սերունդներուն ներկայիս կը խնայուի քաղաքական ասպարէզը: Անոնց հովանաւորութիւնը եւ բարձր հեղինակութիւնը անեղծ պահպանելու նախանձախնդիր է քաղաքական բեմը, յարգելով յիշատակը հին աշխարհի փառապանծ պատմութեան:
Անցեալին, թագաւորներու աստուածային ծագման կը հաւատային հպատակ ժողովուրդի լայն խաւերը, հլու կամակատարութեամբ գործադրելով անոնց կողմէ տրուած բոլոր տեսակի հրահանգները, նոյնիսկ եթէ ատոնք իրենց տեսակէտով սխալ կը համարուէին: Աստուածային ծագում ունեցող իրենց արքան ու իշխանը, կամ ցեղապետն ու տոհմի ղեկավարը անպայման իր հրահանգին վաւերացումը ստացած կ՛ըլլար աստուածներէն, մնայուն յարաբերութեան մէջ ըլլալով անոնց հետ:
Յատկապէս միաստուածեան կրօնքներու բարոյական սկզբունքները, մարդկային պատմութիւնը դէպի խաղաղութիւն առաջնորդելու սկզբունքը կը դաւանին իբրեւ ուղեցոյց իրենց գոյութեան: Բաղձալի այդ խաղաղութեան մէջ նաեւ կ՛երեւի փրկութիւնը համայն մարդկութեան: Սակայն, հարց կը յառաջանայ, թէ աշխարհի կրօնքներն ու քաղաքական ղեկավարները իրենց առած որոշումներուն վաւերականութեան մասին հարցուցա՞ծ են Խաղաղութեան Իշխանին…
Իրաքի, Աֆղանիստանի, Եգիպտոսի, Լիպիայի, Փաքիստանի, Աւստրալիոյ, Անգլիոյ, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Արեւելեան ու Արեւմտեան տարբեր երկիրներու մէջ մարդոց միջեւ թշնամութիւն, միեւնոյն երկրի քաղաքացիներուն միջեւ հակառակութիւն ու ատելութիւն, կրօնական խտրականութիւն, ահաբեկչութիւն եւ սպանութիւն սերմանողները արդեօք հարցուցած են Խաղաղութեան Իշխանին կարծիքը, իրենց մահասփիւռ ծրագիրները գործադրելէ առաջ: Բնականաբար՝ ո՛չ: Որովհետեւ Խաղաղութեան Իշխանին առաքելութիւնը իր Ծննդեան աւետիսը տուող հրեշտակներուն կողմէ յայտնուեցաւ, իբրեւ մարդկանց միջեւ հաճութիւն հաստատելու անձնազոհ նուիրաբերում:
2015 թուականի Ս. Ծննդեան տօնը անկասկած կը յիշեցնէ մեզի 1915 թուականիի միեւնոյն տօնը, Յունուար 6ի անփոփոխ թուականով, ասկէ 100 տարիներ առաջ, երբ հայ ազգի հազարաւոր անմեղ մանուկները իրենց տօնական զգեստներով, ուրախ ու զուարթ, իրենց տան տօնածառը յարդարեցին, մսուր պատրաստեցին նորածին Յիսուսին համար: Իսկ մեծերը իրենց ընտանիքին անհատական եւ ազգի հաւաքական կեանքին մէջ խաղաղ բնակիչի բոլոր յատկութիւններով, երջանիկ կ՛ապրէին իրենց պապենական հողերուն վրայ: Սակայն, ընդամէնը քանի մը ամիս ետք սպանդի ենթարկուեցան անոնք, ու շատեր տարագրուեցան. մանուկներ իրենց ծնողները կորսնցնելով որբանոցներու անկիւնները ծուարեցան:

Անոնք այդ օրուան հասցնող տմարդիները հարցուցա՞ծ էին Խաղաղութեան Իշխանին, որու ճակատագիրն ալ Բեթղեհէմի մանուկներուն նման ողբերգական պիտի ըլլար, եթէ աստուածային միջամտութեամբ Եգիպտոս չփախցուեր։
Միշտ կ՛ըսուի, թէ մարդկութեան պատմութիւնը անընդհատ կը կրկնուի: Ինչքան աշխարհը կը փոխուի, գիտութիւնը կը յառաջադիմէ եւ արհեստագիտութիւնը մագլցում կ՛արձանագրէ հասնելու կատարելութեան, ամէնէն աւելի անկատար կը մնայ մարդը, իր հի՜ն ու կաղապարուած թերութիւններով, իր յարատեւ սխալներով՝ նախանձով, ատելութեամբ, թշնամանքով ու մախանքով: Հեթանոսական դարերու անցնելէն ետք, երբ Յիսուսի Ս. Ծննդեան համասփիւռ լոյսով ջերմացաւ համայն աշխարհը, մարդը զլացաւ իր ծրագիրներու ճշդութեան մասին Խաղաղութեան Իշխանին կարծիքը ստանալու:
Բոլոր խորհրդականներէն աւելի կարեւոր եւ աւելի խոր փորձառութեամբ Խորհրդատու մը գոյութիւն ունի, հին հաւատալիքներու նման արքայական ծագումով, սակայն ո՛չ թէ անշունչ ու անհոգի կուռքերու մէջ գտնուող, այլ՝ իր թագաւորութիւնը երկինքի մէջ ունեցող Խաղաղութեան Ամենազօր Իշխան մը, որուն տեսակէտները անսխալական են եւ որոշումները՝ անդառնալի: Եթէ աշխարհի իշխանները հարցնէին Խաղաղութեան Իշխանին եւ ունենային Անոր տեսակէտը, այսօր աշխարհի մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւններուն, սպանութիւններուն, ահաբեկչութիւններուն, ոճիրներուն եւ եղբայրասպան բոլոր տեսակի կռիւներուն մէկ տոկոսն անգամ տեղի չէր ունենար:
Քաղաքական բարձր վերնախաւէն բացի, մարդոց սեփական կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ նմաններուն հետ յարաբերութեան մէջ եւս Խաղաղութեան Իշխանին տեսակէտն ունենալը անհրաժեշտութիւն է: Նախանձը, ատելութիւնը, ոխն ու քէնը, աթոռ յափշտակելու անյագ մոլուցքը եւ ուրիշները իրենց յարգուած դիրքերէն վար առնելու քրքջախառն նենգամտութիւնը, գործընկերը հարուածելու եւ անոր բաժինը կորզելու վատութիւնը, մէկուն բարձր կարողութիւնը չմարսելով՝ անոր բացակայութենէն օգտուելով զայն բամբասելու ծիծաղելի փոքրոգութիւնը եւ դեռ ի՜նչ-ի՜նչ չարամիտ հնարքները, վստահաբար առա՛նց Խաղաղութեան Իշխանի տեսակէտին որոշուող ու մութի մէջ գործադրուող արարքներ են: Այդ ձեռքերուն վրայէն արիւնը երբեք պիտի չի՛ լուացուի, եթէ դարձի գալով չապաշխարեն եւ Խաղաղութեան Իշխանին չհպատակին անոնք:
Աշխարհի գահավէժ ընթացքը կասեցնելու եւ մարդը դէպի Աստուած առաջնորդելու համար ծնաւ Յիսուս: Ան իր ականջը միշտ կը խոնարհեցնէ մարդկութեան, որպէսզի իբրեւ Խաղաղութեան Իշխան լուծում բերէ անոնց խնդիրներուն ու ցաւերուն: Ըսելիք ունի՞ս Խաղաղութեան նորածին Իշխանին…







All the contents on this site are copyrighted ©.