2015-01-07 09:54:01

Իտալիոյ բանակի զինուորական հոգեւոր առաջնորդի այցելութիւնը Լիբանանի մէջ ծառայող իտալացի զինուորներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ Իտալիոյ բանակի զինուորական հոգեւոր առաջնորնորդ գերապայծառ Սանդօ Մարչիանօ այցելութիւն կատարեց Լիբանանի Իւնիֆիլի շարքերուն մէջ ծառայող իտալացի զինուորներուն, որոնք Լիբանան կը գտնուին ՄԱԿի հրամանով Լիբանանի ու Իսրայէլի սահմանին վրայ։
Այս առթիւ առաջնորդը յայտարարեց որ Միջին Արեւելքի ներկայ զինեալ ընդհարումը կրօնական բնոյթ ունի։ Իտալիոյ ներկայութիւնը Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ հիմնական դեր մը ունի, այն է` փրկել սերունդները պատերազմի ահաւոր սարսափէն։
Իտալացի զինուորներուն ներկայութիւնը կը սատարէ խաղաղութեան պահպանումին։ Իմ ներկայութիւնս լիբանան կ’ուզէ ըլլալ երախտագիտութեան նշան իտալացի զինուորներուն առաքելութեան ու անոնց տածած աշխատանքին նեցուկ։
Անոնք արիութեամբ կը կատարեն իրենց յանձնուած առաքելութիւնը։ Եկեղեցին կանչուած է դաստիարակել մարդիկը խաղաղութեան ու հրաւիրել զանոնք աղօթելու խաղաղութեան հաստատումին։
Գերապայծառ Մարչիանօ յայտնեց նաեւ թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հեռագիր մը ուղարկած է խաղաղարար զինուորներուն, յայտնելով անոնց իր մօտիկութիւնը ու տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։ Սրբազան Հայրը ՄԱԿի խաղաղարար զինուորներէն կը խնդրէ յանձնառումով աշխատիլ երկխօսութեան ու եղբայրակցութեան ի խնդիր։ Աստուծոյ երկրպագել կը նշանակէ խոնարհիլ Աստուծոյ պահանջներուն եւ օգնութեան հասնիլ կարօտեալներուն։ Մեր աղօթքն է որ ազգերու պատասխանատուներն ու կրօնապետերը աշխատին մարդոց խաղաղութեան ու անոնց արժանաւորութեան պաշտպանութեան ի խնդիր, առանց շահագործելու կրօնքը վասն բռնութեան ու պատերազմի։







All the contents on this site are copyrighted ©.