2015-01-06 10:54:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Աստուածայայտնութեան Տօնի Սուրբ Պատարագը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 6 Յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Արբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ գլխաւորեց Աստուածայայտնութեան Տօնին Սուրբ պատարագի արարողութիւնը։
Արարողութեան ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. ''Այդ Մանուկը որ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, Սուրբ Կողս Մարիամէն, չեկաւ միայն իսրայէլի համար` այնտեղ ներկայացուած Բեթղեհէմի հովիւներէն, այլեւ բոլոր մարդկութեան համար որոնք ներկայացուած են Արեւելքէն եկած մոգերէն։
''Այդ օրէն ի վեր մոգերու նման շատ մը մարդիկ կը լուսաւորուին Մանուկի աստղի լոյսով ու կը գտնեն դէպի Իրեն տանող ճանապարհը'' յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''Մոգերը մեզի ցոյց կու տան զԱստուած փնտռելու ճանապարհը'' ու շարունակեց ըսելով ''Մոգերը իրենց ճանապարհորդութեան ընթացքին կը հանդիպին խոչընդոտներու եւ փորձութիւններու։ Անոնք կ՛ուղղուին Երուսաղէմ Հերովդէս թագաւորին պալատը, վստահ ըլլալով որ Թագաւոր մը կը ծնի պալատին մէջ, հոն սակայն կը հանդիպին առաջին փորձութեան։ Հերովդէս կը հետաքրքրուի Մանուկով ոչ թէ զինք պաշտելու` այլ զինք սպաննելու համար։ Հերովդէս իշխանութեան տէր մարդ է եւ չուզեր այլ մրցակից մը ունենալ։ Մոգերը սակայն մղուած Սուրբ Հոգիէն կը յաղթահարեն այդ պահը եւ իրենց ուղեւորութիւնը կը շարունակեն հետեւելով Աստղին ու երբ Բեթղեհէմ կը ժամանեն կը գտնեն ''Մանուկն ու Անոր Մայրը'', եւ միշտ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ կը գիտակցին թէ Աստուծոյ չափանիշերը տարբեր են մարդկային չափանիշէն եւ թէ Աստուած չի յայտնուիր երկրի զօրութեամբ այլ մեզի կ՛ուղղուի իր սիրոյ խոնարհութեան մէջ։ Մոգերը կը դառնան իսկական հաւատքի ապաշխարութեան տիպարներ, որովհետեւ հաւատացին Աստուծոյ բարութեան – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց մեր շուրջ եղած պատերազմներուն, շահագործուած մանուկներուն, տառապողներուն, զէնքերու ապօրինի վաճառքի, մարդավաճառութիւն…. ու ընդգծեց թէ ''Յիսուս կը գտնուի այս ամէն մեր փոքրիկ եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ''։
Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը ապրելու մոգերու ապաշխարութեան ճանապարհը, մենք եւս սորվինք ճանչնալ Աստուծոյ խորհուրդը, քաջութիւնը ունենանք ազատուելու մեր պատրանքներէն ու մեր ''լոյսերէն'' ու փնտռենք հաւատքի հեզութեան վեհանձնութիւնը վերագտնելու համար Լոյսը այնպէս ինչպէս ըրին մոգերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.