2015-01-05 10:03:41

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի քահանաներու հանդիպում ի պատրաստութիւն Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 5 Յունուարին, Մանիլայի մէջ տեղի կ՛ունենայ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի քահանաներու հանդիպումը ի պատրաստութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական այցելութեան (15-19 Յունուար 2015)։ Հանդիպումի բնաբանն է ՝՝աղքատ եկեղեցի մը աղքատներուն ի սպաս, ֆրանչիսկոսին սիրտը’’։ Սրբազան Հայրը Յունուար 15-19 պիտի այցելէ Ֆիլիփինեան կղզեխումբը եւ 16 Յունուարին պատարագ պիտի մատուցէ երկրի եպիսկոպոսներու, քահանաներու, կրօնաւորներու ու կրօնաւորուհիներուն հետ, մայրաքաղաքի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ։ Նախ քան Ֆիլիփինեան կղզեխումբ ժամանելը Ֆրանչիսկոս Պապը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ նաեւ Սրի Լանքա (12-15 Յունուար 2015)։
Առաքելական վերոնշեալ ճամբորդութեան բնաբանն է. ''ողորմութիւն եւ կարեկցութիւն''։ Այս բառերը, կը գրեն եպիսկոպոսները, լոկ մարդասիրական իմաստ չունին եւ չեն ուղղուած անոնց որոնք նիւթական չքաւորութեան մէջ են, այլ անոնց` որոնք բարոյական ու հոգեւոր դժուարութիւններուն մէջ կ’ապրին, մէկ խօսքով ուղղուած են տկարներուն ու կորսուածներուն։ Հետեւաբար ըլլալ ողորմած ու կարեկցող կը նշանակէ դիտել կեանքը ու Քրիստոսի փրկարար առաքելութիւնը։ Յիսուս եկաւ մեղաւորներուն համար։ Ան մեզի սորվեցուց սիրել մեր թշնամիները ու Իր կեանքը տուաւ խաչի վրայ աշխարհի բոլոր մեղքերուն համար։ Ուստի` կը գրեն եպիսկոպոսները, բաւարար չէ բարի դիտաւորութիւններ ունենալ հանդէպ մերձաւորին կամ ողորմութիւն ընծայել անոր, ասիկա մարդասիրական ներգործութիւն մըն է։ Ճշմարիտ ողորմութիւնը եւ ճշմարիտ կարեկցութիւնը կը կայանայ բարի կապեր հաստատելու մէջ ուրիշին հետ եւ ունենալ միեւնոյն կեցուածքը Աւետարանի այրի կնոջ, անիկա հակառակ իր չքաւորութեան, տուաւ ամբողջ իր ունեցածը։








All the contents on this site are copyrighted ©.