2015-01-05 09:22:36

Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ տողանցք դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 6 յունուար 2015-ին, Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի կ՝ունենայ իտալական աւանդական ՝՝Կեցցէ Պէֆանան՝՝ կոչուած (խորհրդաւոր պառաւ) 30-րդ ձեռնարկը որ կազմակերպուած է ընդգծելու համար Աստուածայայտնութեան տօնին հոգեւոր իմաստի կարեւորութիւնը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր երբ վերոյիշեալ սոյն տօնակատարութիւնը Իտալիոյ պետական տօներու ցանկէն դուրս դրուած էր։
2015 տարուայ ''Վիվա լա Պէֆանա - Կեցցէ Պեֆանան'' տօնախմբութիւնը նախաձեռնուած է ՝՝Եւրոպայի ընտանիքներ՝՝ կազմակերպութեան ջանքերով։
Տօնակատարութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմ քաղաքի շրջակայքի բլուրներու վրայ ապրող բնակիչներն ու ընկերակցութիւնները ։
Ձեռնարկը սկիզբ կ՛առնէ առաւօտեան ժամը 10,30-ին, երբ շեփորախումբեր, ֆոլքլորական եւ աւանդական զգեստներով խումբեր, կը համախմբուին ''Գասթել Սան Անճէլօ'' դղեակի տարածքին ու ապա Բեթղեհեմի Մոգերու ընկերակցութեամբ, տողանցք կը կատարեն, ուղղուելով դէպի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ուր կէսօրին` ներկայ կը գտնուին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.