Տօն Աստուածայայտնութեան և Մկրտութեան Տ. Մ. Յիսուսի Քրիստոսի
Ս. Ծնունդը, աւելի հին կոչումով՝ Աստուածայայտնութիւն ու Մկրտութիւն, քրիստոնէութեան
ամէնէն հին ու ժողովրդական տօն է: Սկզբնական շրջաններուն քրիստոնեաները ունեցած են երկու
կարեւոր տօներ՝ Տօն Յայտնութեան Քրիստոսի, այսինքն Ծնունդը, և Զատիկը՝ Քրիստոսի Յարութեան
տօնը: 451 թուին Քաղկեդոնի ժողովի ընթացքին՝ Հռոմի եկեղեցին Դեկտեմբեր 25-ը որոշեց
Յիսուսի Ծննդեան օր, իսկ Յունուար 6-ը Յիսուսի Մկրտութեան տօնը: Մինչեւ Դ. դար, Աստուածայայտնութեան
տօնը բոլոր քրիստոնեաները միասնաբար կը տօնէին Յունուար 6-ին, Դ. դարէն ետքը Հռոմի Կաթողիկէ
Եկեղեցւոյ որոշումով, Յիսուսի Ծնունդը սկսան տօնել Դեկտեմբեր 25-ին, իսկ Մկրտութիւնը
Յունուար 6-ին: Այս դէպքին պատճառը այն է, որ Վատիկանի այժմեան տեղը Միթրայի յիշատակի
համար կառուցուած մեհեան էր և կը հանդիսանար Հռոմի ամենէն աւելի շքեղ ու փառաւոր տաճարը:
Հեթանոսական շրջանին՝ Դեկտեմբեր 21-31ը արեւու աստուծոյ՝ Միթրայի ծննդեան տօնն էր, որ
կը տօնախմբուէր Դեկտեմբեր 25-ին: Այս տօնախմբութեան վերջ դնելու համար Վատիկան որոշեց
այդ նոյն թուականին տօնել Յիսուսի Ծնունդը, այս անգամ որպէս Արդարութեան Արեգակի ծննդեան
տօնախմբութեան օր: Հայոց մօտ Ս. Ծննդեան գլխաւոր շարականն է «Խորհուրդ Մեծ և Սքանչելին
որ այսօր յայտնուեցաւ, հովիւները կ'երգեն զուարթուններուն հետ, Աւետիս տալով աշխարհին:
Ծնաւ նոր Արքայ Բեթղեհէմ քաղաքին մէջ, մարդու որդիներ օրհնեցէք, որովհետեւ մեզի համար
մարդացաւ»: Իսկ Յունուար 6-ին, Յիսուսի Աստուածայայտնութեան Տօնին, պատարագէն անմիջապէս
ետք կը կատարուի Ջրօրհնէք, ի յիշատակ Յիսուսի մկրտութեան: Տեղ-տեղ սովորութիւն կայ Ջրօրհնէքը
գետի կամ լիճի ափին կատարել, ինչ որ աւելի տարածուած սովորութիւն մըն է Յունաց մէջ: Իսկ
Հայոց մօտ, նոյն առթիւ՝ Ջրօրհնէքը եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուի: