2015-01-04 10:38:07

Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի նուիրուած Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեանի խորհրդածութիւնը


Սիրելի Եղբայրներ եւ քոյրեր,

Թող Հօր Աստուծոյ Սէրը, Յիսուսի Քրիստոսի ուրախութիւնը եւ Սուրբ Հոգւոյ խաղաղութիւնը ձեր բոլորին հետ ըլլան:
Այս տօնական սուրբ օրերուն Մայր եւ Դաստիարակ Սուրբ Եկեղեցին կ'ուզէ մեզ քաջալերել մեր երկրաւոր կեանքը ապրելու՝ հետեւելով Քրիստոսի մեր Տիրոջ եւ մեր սուրբ նահատակներուն իրենց արեան գնով ցոյց տուած սիրոյ օրինակին:
Անցեալ Դեկտեմբեր 25-ին տօնեցինք սուրբ Ծնունդը Նազովրեցի Յիսուսի որ իր դրոշմը թողուց Մարդկութեան պատմութեան երկայնքին եւ ճանչցուեցաւ իբրեւ Աստուծոյ Օծեալ Որդին: Անոր անձին մէջ Աստուած մարդացաւ, ծնաւ եւ աճեցաւ՝ օրէ օր ամենայն պարզութեամբ ապրող ընտանիքի մը ծիրէն ներս:
Այս սուրբ ընտանիքին ապրած կեանքը նման է մերօրեայ հազարաւոր ընտանիքներուն վարած կեանքին: Արդարեւ այս ընտանիքները եւս փախան իրենց երկիրէն, ամէն ինչ թողուցին՝ ապահովութեան մէջ ապաստանելու համար: Տեղափոխուեցան, տարագրուեցան, եւ ապրեցան անկայուն պայմաններուն մէջ: Նման պատճառներով, այսպիսիններուն ինչպէս նաեւ մտահոգութեան ու անձկութեան խաւարին մէջ խարախափող մարդկութեան համար անհրաժեշտ է Սուրբ Ծննդեան խաւարամերժ լոյսը:
Սուրբ Ծնունդը միայն ախորին մէջ աշխարհ եկած նորածին Յիսուսը չէ, այլ՝ անիկա տիեզերքի խաւարին անմատոյց լոյսով եւ անհուն սիրով փարատող Աստուածն է:
Չկարծենք որ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» երգելով, շուկայէ շուկայ շրջելով, Կաղանդ Պապային տողանցքին հետեւելով՝ ամէն ինչ կը փոխուի, կամ լոյս կը վերագտնենք մեր կեանքին մէջ, այլ Աստուծոյ առատաձեռն սէրը ընկալելով եւ իւրացնելով է որ պիտի կարենանք յոյսով ապրիլ եւ յուսադրել անոնք որ յուսալու պատճառ կը փնտռեն:
Ուստի, յոյսի լոյս սփռենք ուրիշներուն վրայ՝ ներում շնորհելով, կարիքաւորը բազկատարած ընդունելով, խաղաղութեան նպաստելով, արդարութեան նեցուկ կենալով եւ առիթ տալով Աստուծոյ խօսքին՝ մեզ ներքուստ փոխակերպելով:

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,

ի՞նչ մաղթելու ենք այս 2015-ի տարեսկիզբին: Պիտի չմաղթէի ձեզի որ միլիոնաւոր դրամ շահիք վիճակախաղին մէջ, որովհետեւ հսկայական դրամ ունենալը չի բաւեր լիացնելու մեր կեանքը: Անիկա աւելի պատճառ է մտահոգութեան քան երջանկութեան:
Մենք քրիստոնեայ հաւատացեալներս, պարտինք աճեցնել մեր սրտին մէջ Տիրոջ դրած սէրը: Սուրբ Աւետարանը կը սորվեցնէ թէ՝ մենք բոլորս մէյ մէկ անդամներ ենք Աստուծոյ բազմանդամ ընտանիքին: Անդամ ըլլալը թէ' պատիւ թէ' պատասխանատուութիւն է: Աստուած մեզ կը սիրէ անհուն սիրով, թեկուզ ամենածանր մեղքերոն մէջ ինկած ըլլանք: Ան կ'ակնկալէ որ մենք եւս նոյն սիրով սիրենք մեր նմանները:
Առ այդ, ի՞նչ մաղթելու ենք այս նոր տարուան առթիւ:
Նախ եւ առաջ՝ անչափ եւ անսահման սէր, այսօր երեկուընէ աւելի եւ վաղը այսօրուընէ աւելի: Սէրը անհրաժեշտ է ընտանիքներէն, թաղամասերէն եւ ամբողջ շրջապատէն ներս:
Կը մաղթենք նաեւ որ մեր փոքրերը եւ երիտասարդները կարենան աճիլ ու ծաղկիլ՝ շրջապատուած զիրենք սիրող հայրիկին եւ մայրիկին սիրով:
Մեր լաւագոյն մաղթանքները կը յայտնենք բոլոր լքուածներուն, տարեցներուն, հիւանդներուն, աղքատներուն, բանտարկեալներուն, յուսահատներուն եւ հացի կարօտ մարդոց որ կարիք ունին լսուելու, յարգուելու եւ սիրով շրջապատուելու:
Անոնք որ անհասկացողութեան, զրպարտութեան, չարախօսութեան, բամբասանքի, ոխի եւ ատելութեան զոհ եղած են, արդարութիւն պահանջելով հանդերձ՝ թող Մանուկ Յիսուսի ոտքին առջեւ զետեղենք իրենց դէմ գործուած բոլոր անիրաւութիւնները:
Իսկ յատկապէս այս տարի, աշխարհ եկած Յիսուսի մսուրին առջեւ դնենք 100 տարիներ առաջ մեր ազգին դէմ կատարուած ահաւոր անիրաւութիւնը' Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէսզի Ան՝ արդար Դատաւորը մեր դատը տեսնէ մինչ մենք կը յիշենք ու կը պահանջենք:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզի մեզ մեծ աւետիս:
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ երջանիկ Նոր Տարի բոլորիդ: Ամէն:


Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան
Ժողովրդապետ Մոնրէալի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցիին








All the contents on this site are copyrighted ©.