2015-01-03 10:10:46

Հայաստան դարձաւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան լիիրաւ անդամ։


Հայաստան 2 յունուար 2015-էն կը դառնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան լիիրաւ անդամ, սակայն Եւրասիական տնտեսական միութեան գործադիր մարմիններուն մէջ պիտի ներկայանայ փոքր կազմով` մինչեւ անոնց լիազօրութիւններուն աւարտը:
Մինչեւ 2015-ի աւարտը, մինչեւ աւարտի անոնց լիազօրութիւններու ժամկէտը, Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական յանձնախումբի կազմին մէջ պիտի ներկայանայ երեք անդամներով, որոնք քուէարկութիւններու ընթացքին պիտի ունենան մէկ ձայն:
Եւրասիական տնտեսական միութեան տարածք ներածուող ապրանքներու մաքսատուրքերուն բաշխման հոլովոյթին մէջ Հայաստանի շահաբաժինը պիտի կազմէ 1,13 առ հարիւր: Նոյն ատեն Պիելոռուսիոյ բաժինը պիտի կրճատուի` 4,7 առ հարիւրէն 4,65 առ հարիւրի, Ղազախստանինը` 7,3 առ հարիւրէն 7,25 առ հարիւրի, իսկ Ռուսիոյ բաժինը` 88 առ հարիւրէն 86,97 առ հարիւրի:
Ծառայութիւններու մարզին մէջ Հայաստանը Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամներու համաձայնութիւններուն պիտի միանայ ընդհանուր հիմունքներով, իսկ առեւտուրի մարզին մէջ նախատեսուած է աստիճանական անցում Եւրասիական տնտեսական միութեան միասնական մաքսային սակագինին` մինչեւ 2022:
Մինչեւ 2022 Հայաստան պիտի կարենայ կիրարկել Եւրասիական տնտեսական միութեան դրոյքներէն տարբեր մաքսատուրքեր շարք մը ապրանքներու համար, ներառեալ` միսի եւ մտամթերքի: Մինչեւ 2020 հանրապետութեան համար պիտի գործէ առանձին սակագին որոշ կաթնամթերքի, հաւկիթի, մեղրի, իսկ մինչեւ 2019` միրգերու որոշ տեսակներու համար:
Բացի ատկէ, Հայաստանը մինչեւ 2018 զերոյական մաքսատուրքեր պիտի կիրարկէ պենզինին համար, իսկ միասնական մաքսային սակագինին անցում պիտի կատարէ 2020-ին:
Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելու կապակցութեամբ Հայաստան բանակցութիւններու պիտի սկսի Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան հետ` իր պարտաւորութիւններուն փոփոխութեան շուրջ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շնորհաւորած է իր հայ պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանը Հայաստանի` պաշտօնապէս Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցելուն առիթով:








All the contents on this site are copyrighted ©.