2015-01-03 09:51:33

6 Յունուարին Քրաքովիայի մէջ առաջին անգամուան համար լսելի պիտի ըլլայ, 2016-ի երիտասարդութեան համաշխարհային հանդիպումի պաշտօնական օրհներգը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 6 Յունուարին`տօն Աստուածայայտնութեան, Քրաքովիայի մէջ լսելի պիտի ըլլայ 2016-ի երիտասարդութեան համաշխարհային հանդիպումի պաշտօնական օրհներգը։
Դէպքը տեղի կ՛ունենայ ժամը 12-ին Քրաքովիայի Գլխաւոր Շուկայ կոչուած հրապարակի վրայ։
Նշենք թէ Լեհաստանի Քրաքովեա քաղաքը, Յուլիս 2016-ին, պիտի հիւրընկալէ Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքը։ Օրհներգին վերնագիրն է ‘’Երանի ողորմածներուն’’ յօրինուած Եաքուպ Պլիշարզ էն` հեղինակը բազմաթիւ ծիսական մեղեդիներու։ Մեր մաղթանքն է որ Աստուածային ողորմութեան պատգամը լայն ծաւալ ու ճանաչում ունենայ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան մասնակցողներուն մօտ, կ’ընդգծեն կազմակերպիչները։
6 Յունուարին, ի նշան զօրակցութեան կարօտեալ երիտասարդներուն, տոմսեր պիտի ծախուին եւ հաւաքուած գումարը պիտի սահմանուի Արեւելեան Եւրոպայի տնտեսական դժուարութեան մէջ գտնուող երիտասարդներուն, որոնք պիտի բաղձային մասնակցիլ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան։ Այդ նախաձեռնութեան ներփակ են հետեւեալ երկիրները. Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան, Խազախիստան, Լիդուանեան, Մոլտավեան, Տաճիքիստան, Թուրքմենիստան, Ուկրանիա եւ Իւզպէքիստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.