2015-01-02 12:57:49

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահի գնահատումով Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը շնորհքի պահ մըն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Սոգրադէս Վիլլէկաս իը Ամանորի առթիւ հրատարակած պատգամին մէջ կը գրէ ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական ճամբորդութիւնը մեր երկրին, 2015-ի Յունուարին, պիտի ըլլայ արտակարգ շնորհքի պահ մը''։ Գերապայծառը կը մաղթէ որ 2015-ը բոլոր իր հայրենակիցներուն համար ըլլայ Տիրոջ տարի մը եւ այդ պատճառաւ կը հրաւիրէ զանոնք փառաբանելու, աղօթելու եւ սիրելու զԱստուած։
Ան իր պատգամին մէջ կը նշէ որ կաթողիկէ տիեզերական եկեղեցին 2015-ը հռչակած է որպէս կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներու համար տարի, ասիկա հրաւէր մըն է գոհութիւն մատուցանելու Տիրոջ նուիրեալ անձերու շնորհքին համար։
Անոնց կեանքի վկայութիւնը նշան մըն է որ Տէրը մեր մէջ կը բնակի - կը նշէ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահը ու կը յիշեցնէ որ Ֆիլիփինեան եկեղեցին 2015ը հռչակած է աղքատներու տարի, ի պատրաստութիւն մեր երկրի աւետարանութեան 5-րդ դարադարձին, որ պիտի յիշատակուի 2021-ին։
2015 տարւոյն ընթացքին նախատեսուած են բազմաթիւ ծրագիրներ ու ծիսակատարութիւններ աղքատներուն ի նպաստ։ Առիթ մը մեր ակնարկը ուղղելու Տիրոջ ու գիտակցելու թէ մեր աղքատութեան մէջ Տէրը կը մնայ մեր իսկական գանձը։








All the contents on this site are copyrighted ©.