2015-01-02 09:28:40

Ստրկութեան դէմ ներգործութիւն կրօնաւորներու տարուան շրջագիծէն ներս։


(Ռատիօ Վատիկան) Քալքութա - Ս. Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան չորս կոյսեր կանոնաւորապէս կ'այցելեն Քալքութայի անարականոցը օգնութեան հասնելու երիտասարդ կիներուն, որոնք իրենց մարմինը կը վաճառեն։

Հնդիկ կրօնաւորուհիներուն գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հռչակած կրօնաւորներու տարին չի նշանակեր դարձ մը դէպի հայեցողական կեանք, այլ հրաւէր մը` վերանորոգ ներգործութեան, ի շահ աւետարանութեան։

Յայտնենք որ հնդիկ չորս կրօնաւորուհիներու տածած առաքելութիւնը Քալքութայի անարականոցին մէջ սատարեց փրկել բազմաթիւ կիներ։ Նման առաքելութիւն մը դրական պատասխան մըն է եւս ֆրանչիսկոս Քահանայապետին խաղաղութեան համաշխարհային օրուան պատգամին, որ կը քաջալերէ պայքարիլ ստրկութեան արդի երեւոյթներուն դէմ։

Հնդիկ կրօնաւորուհիները կը յայտնեն որ մէկ օրուան մէջ կարողացած են ազատել 37 կիներ, որոնցմէ տասը անչափահասներ են։ Իսկ Հնդկաստանի կառավարութեան 2007-ի, տուեալներու համաձայն,աւելի քան 3 միլիոն կիներ մարմնավաճառութիւն կը կատարեն, անոնց 36 տոկոսը անչափահաս են։







All the contents on this site are copyrighted ©.