2015-01-02 11:26:59

Յիսուսի Ծննդեան տօնը՝ յոյսի, քաջալերանքի օր Քամիշլի քաղաքին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 29 դեկտեմբեր 2014-ին, արեւելեան Սուրիոյ Քամիշլի քաղաքը ունեցաւ պատմական եւ յիշատակելի մեծ առիթ մը տօնախմբելու` Յիսուս Մանուկի Ծնունդը ու Անոր բերած խաղաղութեան պատգամը։
Այս մասին, Ռատիօ Վատիկանին տեղեկացուց` Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեանը։
Հակառակ պատերազմի եւ այս օրերու դժուար պահերուն ու վտանգներուն, շուրջ 30,000 հաւատացեալներ, որոնց շարքին 650 երիտասարդներ, շրջեցան Քամիշլի քաղաքի փողոցներուն մէջ, համայն մարդկութեան յիշեցնելու համար, թէ քրիստոնեաները` շնորհիւ Յիսուսի Ծնունդին, պիտի շարունակեն ապրիլ, տոկալ ու մնալ իրենց պապենական հողերուն վրայ։
Հայ Կաթողիկէ աւելի քան 100 երիտասարդներ նաեւ իրենց մասնակցութիւնը սոյն հաւաքին, առաջնորդութեամբ Քամիշլի քաղաքի, Հայ Կաթողիկէ հովիւին՝ արժանապատիւ Տէր Աբրահամ Պետրոսեանի։
Այս առթիւ, Հայ երիտասարդներուն պատասխանատու պարոն Ռաֆֆի Սայեղեան արտասանած իր պատգամին մէջ յայտնեց, թէ խաղաղութեան ձայնը պիտի յաղթէ պատերազմի ձայնին։ Քամիշլին պիտի մնայ սիրոյ եւ խաղաղութեան քաղաքը ու մանաւանդ եղբայրութեան պատգամաբեր… Քրիստոնեաները եւ Հայերը հոս են, հոս պիտի մնան՝ աղբիւրի մը նման, որ երբեք չի սպառիր։
Իր կարգին Հայ Կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Աբրահամը իր ունեցած ելոյթին մէջ ըսաւ.`''Քամիշլիէն, բովանդակ աշխարհին կոչ կ՝ուղղենք ըսելով որ Սուրիան պիտի յաղթէ եւ դուրս պիտի ելլէ իր ցաւերէն, եւ միայն Յիսուսով է որ կրնանք սիրել, տոկալ եւ բարի օրինակ հանդիսանալ. Սուրիան պիտի վերածնի շնորհիւ Յիսուսի սուրբ Ծնունդին։
Հաւաքին աւարտին, բոլոր մասնակիցները միաձայն աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած ըսելով` ''Ով Մանուկ Յիսուս քեզի կը դիմենք եւ կ՝աղաչենք, որ պահես մեր սիրելի քաղաքը Քամիշլին եւ պահպանեց մեզ՝ մեր Քրիստոնէական հաւատքին մէջ'' ։
Անոնք ապա ծունկի եկած աղօթեցին Սուրիոյ մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն ու առեւանգուած այլ կղերականներուն համար, որոնց շարքին է` Հայ Կաթողիկէ քահանայ` Հայր Միքայէլ Քայեալը, աղաղակելով ''Ով Տէր ազատէ զանոնք այս մութ փապուղիէն, եւ շնորհէ անոնց մխիթարութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.