2015-01-02 09:28:54

Ամանորի առիթով Սերժ Սարգսեան այցելած է սահմանային շրջաններէն մէկը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հայաստանի զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան՝ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի ընկերակցութեամբ 31 Դեկտեմբերին այցելած է հանրապետութեան հարաւ-արեւմտեան հատուածի սահմանագիծը պահող պաշտպանական տեղամասերէն մէկը:
Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է մարտական դիրքին մէջ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շրջագայած է մարտական յենակէտին մէջ եւ ծանօթացած ծառայութեան կատարման, ինչպէս նաեւ զինուորներուն կենցաղային պայմաններուն:
Հանրապետութեան նախագահը ծառայութեան ընթացքին իրենց անձնուիրութեամբ եւ խիզախութեամբ ուշադրութիւն գրաւած խումբ մը սպաներու եւ զինուորներու նուէրներ յանձնած է։ Սերժ Սարգսեան տօնական սեղանին շուրջ զրուցած է զինուորներուն հետ, շնորհաւորած է հայոց բանակի բոլոր ծառայողները՝ տօներուն առիթով, բարեմաղթանքներ ուղղած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է՝ անձնուէր ծառայութեան համար: «Մեզնից իւրաքանչիւրին Աստուած կամ ճակատագիրը յատկացնում է մի ժամանակահատուած, որտեղ կարեւորն ինքն է, որտեղ պատասխանատուն ինքն է՝ ե՛ւ հայրենեաց հողի պաշտպանն է ինքը, ե՛ւ երկրի կայունութեան պատասխանատուն է ինքը, բարեկեցութեան պատասխանատուն է ինքը: Այսօր, այստեղ նստածներով, մեր ողջ զինուած ուժերով պատասխանատուն մենք ենք: Այստեղ նստած գեաւառցի տղայից սկսած վերջացրած գեներալներով պատասխանատուն մենք ենք ե՛ւ Ղարաբաղի համար, ե՛ւ Գիւմրիի համար, ե՛ւ Լոռու համար, ե՛ւ Արարատի համար, մեր հայրենի հողի համար: Բոլորիդ ուժ, կորով, կարողութիւն, որպէսզի այս պատասխանատու խնդիրը մեզ յատկացուած ժամկէտում մենք կատարենք պատուով», ըսած է նախագահը:







All the contents on this site are copyrighted ©.