2014-12-31 09:29:58

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ամավերջի ''ԹԷ Տէում'' Աղօթքը եւ ամանորի սուրբ պատարագը։


(Ռ.Վ. 31 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին առթիւ, ս. Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդական արարողութիւնը ու ապա ԹԷ Տէում գոհաբանական աղօթքը առ Աստուած, որպէս շնորհակալութիւն անցնող տարւոյն ընթացքին մարդկութեան շռայլուած պարգեւներուն համար, հուսկ տեղի կ՛ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։
Աւանդութեան համաձայն ծիսակատարութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ս. Պետրոսի հրապարակը կ'ուղղուի այցելելու հոն զետեղուած մսուրը, որ այս տարի նուիրուած է Վերոնա քաղաքին կողմէ։
Մէկ Յունուար 2015-ին, խաղաղութեան համաշխարհային օրն է։ Ֆրանչիկսոս Պապը 2015-ի խաղաղութեան օրուայ որպէս նշանաբան ընտրած է ''Այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ''։
Նորին Սրբութիւնը, առաւօտեան ժամը 10-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ որուն աւարտին կ՛արտասանէ 2015 տարուայ առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Յայտնենք որ 2015 տարին հռչակուած է ''անձինք նուիրեալ''ներու տարի` որուն ընթացքին կը սպասուի որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հայեցողական կեանքի մասին նոր առաքելական սահմանադրութիւն մը հրապարակէ որ պիտի փոխարինէ 1950-ին Պիոս ԺԲ քահանայապետի օրով հրատարակուած '' Sponsa Christi'' առաքելական սահմանադրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.