2014-12-31 09:38:15

Գերմանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին 73 միլիոն եւրօ շնորհած է Միջին Արեւելքի գաղթականներուն եւ արտահաններուն համար։


(Ռ.Վ. 31 դեկտեմբեր 2014) Գերմանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին 2014-ին ընթացքին` 73 միլիոն եւրոյ շնորհած է Միջին Արեւելքի արտահան գաղթականներուն, որուն 41,58 միլիոնը յատկացուցած է Գերմանիա ապաստան գտնող գաղթականներուն, իսկ 32, 52 միլիոնը ուղարկած է Միջին Արեւելք ապրող գաղթականներուն։
Բացի ֆինանսական օժանդակութիւններէն եպիսկոպոսական դասը բազմաթիւ թեմեր ու եկեղեցական հաստատութիւններ, տեղ եւ առողջապահական ու ընկերային ենթակառոյցներ տրամադրած են գաղթականներուն։
Կարդինալ Րէյնարտ Մարքս Միւնիխի առաջնորդն ու եպիսկոպոսական դասի նախագահը, ողջունեց կաթողիկէներու յանձնառումը, ընդգծելով թէ անոնք ''օգնութեան հասնելով գաղթականներուն ուզեցին ցոյց տալ որ զօրակցութիւնը տեսութիւն մը չէ այլ ապրում մըն է։ Մենք գաղթականներուն կ՛ուզենք ըսել ‘’բարի եկած էք մեր մէջ’’ հաստատեց Կարդինալ Մարքս։








All the contents on this site are copyrighted ©.