2014-12-31 09:15:44

2015-ի Յունուար ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռ.Վ. 31 դեկտեմբեր 2014) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոներական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող խորագիրերով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։
2015-ի Յունուար ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի կրօնական զանազան աւանդութիւններուն անդամներն ու բարի կամք ունեցող բոլոր մարդիկը, համագործակցին խաղաղութեան զարգազման ի սպաս''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի այս տարին որ նուիրուած է նուիրագործուած կեանքին, կրօնաւորն ու կրօնաւորուհիները վերագտնեն ուրախութիւնը հետեւելու Քրիստոսին ու ձգտին եռանդով ծառայել աղքատներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.