2014-12-30 12:42:06

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը Հիւանդներու Համաշխարհային ԻԳ օրուան առթիւ` ''ես կոյրին աչքերն էի եւ կաղ մարդուն ոտքերը'':


(Ռ.Վ. 30 դեկտեմբեր 2014) Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի կողմէ հաստատուած` Հիւանդներու Համաշխարհային ԻԳ օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը հրատարակած է որպէս բնաբան ընտրելով Յոբ նահապետի իմաստալից խօսքը ''ես կոյրին աչքերն էի եւ կաղին ոտքերը'' (Յոբ 29,15)։
Իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կ՛ուղղէ բոլոր անոնց որ հիւանդութեան բեռը կը կռեն եւ Քրիստոսի տառապանքին միացած են ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որ առողջապահական մարզէն ներս կը գործեն։
Սրբազան Հայրը խօսքը կը կեդրոնացնէ Սրտի Իմաստութեան վրայ որ է Աստուծոյ պարգեւը եւ որուն միջոցաւ կարելի է եզրակացնել Հիւանդի Համաշխարհային օրուան պտուղները։
Սրտի իմաստութիւն կը նշանակէ ծառայել եղբօրը` կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը, մատնանշելով թէ այս մէկը կը յայտնաբերուի Յոբի խօսքերուն մէջ ''ես կոյրին աչքերն էի եւ կաղ մարդուն ոտքերը''։ Քանի քրիստոնեաներ այսօր կը վկայեն` թէ իրենք կոյրին աչքերն են ու կաղ մարդուն ոտքերը, ոչ թէ խօսքով այլ իրենց` անկեղծ հաւատքի վրայ հիմնուած կենցաղով։ Մարդիկ որոնք մօտիկ են այն հիւանդներուն որոնք շարունակական դարմանումներու կարիքը ունին։ ''Դիւրին է ծառայել մի քանի օր սակայն ամիսներով եւ տարիներով հիւանդ մը խնամելը դժուարին է'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով թէ ''այս եւս սրբութեան տանող ճանապարհ մըն է''։
''Սրտի իմաստութիւնը կը նշանակէ եղբօր մը կից կենալ։ Հիւանդին մօտ անցուցած ժամանակը սուրբ է։ Աստուծոյ փառաբանութիւն է, որ մեզ կը համեմատէ իր Որդոյն պատկերին որ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու ու իր կեանքը տալու շատերու փրկութեան համար'' կը գրէ ապա Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ խնդրելով Սուրբ Հոգիէն որ մեզի պարգեւէ շնորհքը հասկնալու մեր եղբայր ու քոյրերուն տրամադրած ժամանակին արժէքը։
Սրտի իմաստութիւնը կը նշանակէ ապա երթալ դէպի եղբայրակիցը, այցելել զայն։ Նոյնինքն Տէրը այս մէկը պատուիրած էր ըսելով թէ ''իրեն ըրած կ՛ըլլանք'' այդ բարիքը։
Սրտի իմաստութիւնը կը նշանակէ զօրակից ըլլալ եղբայրակիցին առանց դատապարտելու զայն։ Սէրն ու ողորմութիւնը պէտք ունին ժամանակի։ Ժամանակ հիւանդները խնամելու եւ Ժամանակ զանոնք այցելելու։
Հիւանդի այս համաշխարհային օրը կը յանձնեմ Աստուածամօր հովանիին որ իր արգանդին մէջ ծնաւ մարդացած իմաստութիւնը` Յիսուս Քրիստոսը, մեր Տէրը։
''Ով Մարիամ, իմաստութեան աթոռ, բարեխօսէ բոլոր հիւանդներուն համար ու բոլոր անոնց համար որ հոգ կը տանին հիւանդներուն։ Ըրէ որ մերձաւորին ծառայութեան եւ տառապանքի փորձառութեան միջոցաւ ընկալենք ու մեր մէջ աճեցնենք սրտի իմաստութիւնը'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին աւարտին ու բոլոր հիւանդներուն կը շնորհէ իր առաքեալական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.