2014-12-30 08:47:46

Զուիցերիոյ եպիսկոպոսներու ազգային ժողովին կոչը պայքարելու նոր ստրկութիւններուն դէմ


(Ռ.Վ. 30 դեկտեմբեր 2014) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը նոր ստրկութիւններու դէմ , որուն այսօր եւս անոր զոհերն են միլիոնաւոր անհատներ, ուղղուած է նաեւ Զուիցերիոյ, կը գրէ Զուիցերիոյ կաթողիկէ լպիսկոպոսներու նախագահը գերապայծառ Markus Büchel, բաց նամակին մէջ ուղղուած Զուիցերիոյ ազգային ժողովի անդամներուն, պահանջելով լուրջ պայքար մը մղել մարդու շահագործումի բոլոր երեւոյթներուն դէմ, ինչպէս կը գրէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խաղաղութեան համաշխարհային 48-րդ օրուան պատգամին մէջ։ գերապայծառ Markus Büchel իր բաց նամակին մէջ կը խնդրէ ազգային ժողովի անդամներէն յարգել տալու, այս առընչութեամբ, Զուիցերիայէն ստորագրուած միջազգային բոլոր համաձայնագրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.