2014-12-30 10:05:32

Եւրոպական խորհրդարանը պիտի յարգէ Հրանդ Տինքի յիշատակը


Եւրոպական խորհրդարանը Յունուար 21-ին պիտի նշէ հանրածանօթ լրագրող, “Ակօս” շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 8-րդ տարելիցը: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի “Ասպարէզ” օրաթերթը:
Տինք սպաննուած է Յունուար 19-ին` Սթամպուլի մէջ գործող “Ակօս” շաբաթաթերթի խմբագրատան փողոցին մէջ: Լրագրողի սպանութիւնը Թուրքիան մղեց ժողովրդավարութեան հաստատման ուղղուած քայլերու:
Այսօր Տինքը Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի մէջ քաղաքացիական ազատութեան համար պայքարող մարդոց ոգեշնչման աղբիւրն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.