2014-12-29 11:00:37

Սրի Լանքայի հաւատացեալները ցնծութեամբ ու հաւատքով կը սպասեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութեան։


(Ռ.Վ. 29 դեկտեմբեր 2014) Մաննար թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ռաեափու Ժոզէֆ ''Ասիայի եկեղեցի'' լրատու գործակալութեան հետ ունեցած ելոյթով ներկայացուց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, յառաջիկայ 12-15 Յունուար 2015, Սրի Լանքա կատարելիք այցելութեան պատրաստութիւնները։
Քահանայապետի մը այցելութիւնը, ըսաւ գերապայծառը, արտայայտութիւնն է Քրիստոսի ներկայացուցիչին սիրոյն հանդէպ իր ժողովուրդին, Աստուածային օրհնութիւն մըն է։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Սիրի Լանքա կու գայ երկու դրդապատճառի համար. Առաջին` կը բերէ պատգամ մը խաղաղութեան, հիմնուած ճշմարտութեան ու հաշտութեան վրայ։ Երկրորդ` Ան կու գայ սրբադասելու երանելի Ժոզէֆ Վազը եւ այդ պատճառաւ անոր այցելութիւնը անհուն յոյսի նշան է համայն ազգին համար։
Իր կարգին գերապայծառ Մարքոլմ Ռանժիթ` առաջնորդը Քոլոմպոյի թեմին ու նախագահը եպիսկոպոսական համահաւաք դասին ըսաւ` ''Սրի Լանքան երկիր մըն է քաղաքակրթութեամբ հարուստ ու հրաշալի եւ շնորհիւ բնակչութեան յանձնառումին պիտի շարունակէ ապրիլ ու բարգաւաճիլ հեռու արտաքին միջամուխութիւններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.