2014-12-29 12:00:54

Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի 2014-ի հաշուեկշիռը։


(Ռ.Վ. 29 դեկտեմբեր 2014) Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտի` Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցնող տարւոյն հաշուեկշիռը, յայտնելով թէ ''2014-ը եղաւ այլ խիտ տարի մը, բազմաթիւ կարեւոր դէպքերով,­ որուն ամենէն տպաւորիչները կը մնան այն առօրեայ պատկերները ուր Սրբազան Հայրը ամբոխին մէջ, կ’ողջագուրէ մանուկներն ու հիւանդները։
2014-ի հաշուեկշիռը կարելի է սկսիլ կատարուած միջազգային 5 ճամբորդութիւններով. Ս. Երկիրը, Քորէան, Ալպանիան, Սդրազպուրկը եւ Թուրքիան։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ուխտագնացութիւնը դէպի Ս. Երկիր, իր նախորդներուն նման, եղաւ վերադարձ մը մեր հաւատքի արմատներուն, քրիստոնէութեան արմատներուն. Մարդկութեան Փրկագործութեան վայրերուն։ Այդ ուխտագնացութիւնը մեծապէս յուզեց ֆրանչիսկոս Պապը։
Ան այս ուխտագնացութիւնը կատարեց յանուն բոլոր քրիստոնեաներուն, բոլորին յիշեցնելով թէ ուրկէ կու գանք` վայրը Քրիստոսի հանդիպումին մարդկութեան հետ։ Բնականաբար այս ուխտագնացութիւնը ունեցաւ իր զանազան երեւոյթները. համամիութեան երեւոյթը` հանդիպումը Կ.Պոլիս Բարթողոմէոս Պատրիարքին հետ, եղաւ յոյսի նշան մը ապագայ մեր համամիութենական ընթացքին համար։ Մեծապէս կարեւոր է նաեւ Ասիական ցամաքամասը։ Քահանայապետը այս տարւոյն ընթացքին այցելեց Քորէան եւ մի քանի շաբաթէն կը ճամբորդէ դէպի Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ։ Ասիկա ապացոյց մըն է Եկեղեցւոյ յատուկ ուշադրութեան ըլլայ աշխարհագրական , ժողովրդագրական ու Աւետարանի քարոզչութեան համար, աշխարհամասի մը հանդէպ ուր բարդ եւ զանազան են մշակոյթները, ընկերութիւնները ու քաղաքականութիւնները։ Ալպանիայի կատարած կարճատեւ ճամբորդութեամբ Նորին Սրբութիւնը ուզեց սկսիլ եւրոպական ամենահամեստ հանրապետութեամբ` հասնելու համար Եւրոպայի սիրտը։ Քահանայապետը արդարեւ այցելեց նաեւ Սդրազպուրկը ուր ճառ մը ուղղեց Եւրոպայի ցամաքամասին, ինք որ կու գայ այլ ցամաքամասէ մը։
Այս ճամբորդութիւնները ունեցան յատուկ ծաւալ մը` նահատակութեան ծաւալը. ըլլայ Քորէայի, Ալպանիայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր Եկեղեցւոյ պատմութիւնը յատկանշուած է նահատակութեամբ, բոլոր ժամանակներուն մէջ, անցեալին եւ այսօր։ Թուրքիոյ ճամբորդութիւնը ունեցաւ միջկրօնական երեւոյթ` ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շատ գիտակից է իսլամութեան իրողութեան, ներկայ աշխարհի մէջ եւ կ’աշխատի շինիչ կապ հաստատել անոնց հետ, նոյնիսկ երկխօսութեան ճամբով, դատապարտելով բռնութիւնները յանուն կրօնի­։
Հայր Լոմպարտին ապա ընդգծեց թէ` կարելի չէ մոռնալ այլ կարեւոր ու մեծ դէպքեր. Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Յովհաննէս ԻԳ-ի սրբադասումներն ու Պօղոս Զ-ի երանացումը։ Այս երեք Պապերը, բացի իրենց քրիստոնէական ու մարդկայնական վկայութեան, եղան Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի ռահվիրաները եւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը շարունակէ այժմէացնել անոնց առաքելութիւնը։
Գալով ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին կարելի է զայն որակել ''հովուական'' սիւնհոդոս։ Անիկա ունի երեք հանգրուան նախ կարդինալական ժողովը, եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի անցեալ հոկտեմբերի արտակարգ նիստը եւ յառաջիկայ 2015-ի հոկտեմբերի կայանալիք սովորական եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը։ Այս սիւնհոդոսը իրապէս կը հայի համայն հաւատացեալներուն կեանքին, որովհետեւ ընտանիքը հասարակաց բարիք մըն է։
''Արդարութիւն, խաղաղութիւն, հարստահարեալներ'', Պապը իր քահանայապետութեան սկիզբը յայտնեց իր կամքը յիշելու աղքատները, տառապող անձերը, որովհետեւ անոնք իրաւունք ունին մեր ուշադրութեան, զօրակցութեան ու բաժնելու իրենց դժուարութիւնները։ Ան մշտատեւ կը խօսի անոնց մասին, կոչեր կ’ուղղէ եւ նամակներ կը գրէ։ Ան նաեւ շօշափեց այլ նիւթեր ինչպէս արդի ստրկութիւնները։ Այդ ուղղութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զօրաշարժի մէջ դրաւ Եկեղեցին ու բարեացակամ մարդիկը։ Նոյնպէս իր քահանայապետութեան սկիզբը խնդրեց որ Եկեղեցին դուրս գայ իր տունէն, միսիոնար դառնայ եւ յանձնառումով աշխատի վասն Աւետարանին եւ այդ պատճառաւ ուզեց բարենորոգել Եկեղեցւոյ վերին կառավարութիւնը որպէսի աւելի ''սպասաւորի'' դեր ունենայ քան ''իշխանի''։ Հետեւաբար Քահանայապետը կը խնդրէ որ եկեղեցւոյ սպասաւորը բարեփոխէ իր ընթացքը ու աշխատի Աստուծոյ փառքին ու պայծառութեան համար։
Հայր Լոմպարտին հուսկ մատնանշեց թէ. ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այս տարուան ընթացքին յաճախ շեշտը դրաւ հանդիպումի մշակոյթին վրայ։ Նորին Սրբութիւնը իւրայատուկ կապ կը ստեղծէ իր տեսակցութիւններուն ընթացքին։ Անոր կեցուածքը միշտ եղած է անձ մը որ ուրիշ անձի հետ կը հանդիպի եւ կ’աշխատի որ իր խօսակիցը նոյն դիրքը ունենայ, այսպէսով կարելի կը դառնայ կապ հաստատել, խօսակցիլ ու միասնաբար նախաձեռնութիւններ առնել։ Անոր հանդիպումները միշտ անձնական եղած են ու բարեկամական դարձած են։








All the contents on this site are copyrighted ©.