2014-12-29 09:39:36

Թուրքիոյ մէջ Հայ թեկնածուն ընտրուած է ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ


Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած է ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու ընտրութիւնը:
Ըստ “Երկիր”-ի՝ որ կը վկայակոչէ “Ակօս”- պարբերականը` ընտրութեան արդիւնքով, 90 քուէ հաւաքելով, ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ ընտրուած է Դպրեվանք վարժարանի հիմնադրամի նախագահ, ատամբանոյժ Թորոս Ալճանը: Ընտրութեանը մասնակցած են յունական, հայկական, հրէական եւ ասորական 125 հիմնադրամներ:
Յիշեցնենք, որ յունական հիմնադրամները անհամբեր կը սպասէին հայ համայնքի առաջադրած թեկնածուին հետ ծանօթանալուն: Հրէական համայքի ներկայացուցիչը յայտնած էր, որ հրէական հիմնադրամները եւս ցանկութոյւն ունին աջակցելու հայ թեկնածուին







All the contents on this site are copyrighted ©.