2014-12-28 11:53:41

Ալի Աքչա այցելած է Սուրբ Պետրոսի տաճարը յարգանքի տուրք մատուցանելու ՅՊԲ քահանայապետին։


(Ռ.Վ. 28 դեկտեմբեր 2014) Շաբաթ, 27 դեկտեմբերին, Թուրք՝ Մէհմէթ Ալի Աքչան, ժամանեց Սուրբ Պետրոսի տաճարը՝ եւ հոն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի դամբանի վրայ զետեղեց փունջ մը սպիտակ ծաղիկներ։
Մէհմէթ Ալի Աքչան, 13 մայիս 1981 ին, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ փորձած էր սպաննել ՅՊԲ Լեհ Քահանայապետը ու այս պատճառաւ ձերբակալուած ու ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ներումը ստանելէն ետք ազատ արձակուած է Վատիկանեան իշխանութիւններու կողմէ։
Ալի Աքչա, վերոյիշեալ այցելութեամբ, ուզած է նշել 31 տարիներ առաջ Հռոմի Ռէպիպիա բանտին մէջ, իր ունեցած հանդիպումը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին հետ, որուն ընթացքին, ինչպէս նշեցինք, Սրբազան Հայրը ներում շնորհած էր ահաբեկիչին։







All the contents on this site are copyrighted ©.