2014-12-27 09:18:03

Խաղաղութեան ի սպաս կոչ Բեթղեհէմէն։


(Ռ.Վ. 27 դեկտեմբեր 2014) Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ սրտաճմլիկ կոչ մը ուղղեց Ս. Երկրի խաղաղութեան համար։ Ան մաղթանք յայտնեց որ հրեաները, մահմետականները ու քրիստոնեաները հաւասար իրաւունք ունենան ու իրար զիրար յարգեն փոխադարձաբար։ Նշենք որ այս տարի Բեթղեհէմին մէջ կայացած սրբազան արարողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ եւ ուխտաւորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.