Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլ Ա-ի Սուրբ Ծննդեան մաղթանքները։
(Ռ.Վ. 26 դեկտեմբեր 2014) Քիրիլ Ա` համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը, Յիսուսի
Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց օրթոտոքս Եկեղեցւոյ Հովուապետերուն
որոնց շարքին նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին,
եւ Քանթերպուրրիի առաջնորդին։ Իր բարեմաղթական նամակին մէջ Պատրիարքը կը յայտնէ
իր սրտագին շնորհաւորութիւնները Տիրոջ լուսաւոր տօնին առթիւ, ապա մէջբերելով Սուրբ Պօղոսի
խօսքերը եւ Ղուկաս աւետարանիչէն ''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ եւ մարդից խաղաղութիւն…''
խօսքերը Պատրիարքը մը մաղթէ անոնց ազնուական առաքելութեան համար` հոգիի զօրութիւն եւ
Ակնաղբիւրէն օգնութիւն, եւ շնորհներու մշտատեւ զեղում։