2014-12-25 11:09:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քարոզը ՝ 24 դեկտեմբերի գիշերը, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։


(Ռ.Վ 25 դեկտեմբեր 2014) Չորեքշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2014-ի, երեկոյեան ժամը 9,30ին , Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գլխաւորեց, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագը։
Այս առթիւ իր արտասանած քարոզին սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը մէջբերեց Սուրբ գրային հետեւեալ հատուածը` ''Այն ժողովուրդը, որն ընթանում էր խաւարի մէջ, տեսաւ մեծ լոյս (Եսայի 9,1) Տիրոջ հրեշտակը երեւցաւ անոնց, Տիրոջ փառքը շրջապատեց զանոնք եւ սաստիկ վախցան։ (Ղուկ 2,9)''
Ան ապա ըսաւ` Այսօրուայ ծէսը՝ հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ մեզի Փրկչին Ծնունդը. Լոյսի նման կը ներթափանցէ եւ ամենախիտ խաւարը կը փառատէ։
Տիրոջ ներկայութիւնը ժողովուրդին մէջ, կ՝անհետացնէ պարտութեան կշիռքը եւ ստրկութեան տխրութիւնը ու կը հաստատէ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն ։
Մենք եւս այս օրհնեալ գիշերուայ ընթացքին, Աստուծոյ տունը եկած ենք ՝ անցնելով աշխարհի խաւարէն , բայց՝ առաջնորդուած հաւատքի ճրագէն որ կը լուսաւորէ մեր քայլերը ինչպէս նաեւ ոգեւորուած այն յոյսով, գտնելու Վսեմ ճրագը։
Բանալով մեր սիրտերը մենք եւս ունինք կարելիութիւնը խոկալու այն Մանուկ-Արեւ՝ հրաշքին, որ բարձրէն ծագելով կը լուսաւորէ հորիզոնը։
Մտածենք այն խաւար պահին, երբ տեղի ունեցաւ մարդկութեան դէմ առաջին ոճիրը , երբ՝ Կայէնը, նախանձէ կուրցած, սպանեց իր Աբէլ եղբայրը։
Այսպէս` բազմաթիւ դարեր յատկանշուեցան բռնութիւններով, պատերազմներով, ու ատելութեամբ։ Բայց՝ Աստուած որ իր սպասումներու յոյսը դրած է մարդուն վրայ՝ որ է նման իր պատկերին, կը սպասէ։ Ան շարունակեց սպասել համբերութեամբ՝ հակառակ մարդոց եւ ժողովուրդներու կաշառութիւններուն։
Պատմութեան երկար ուղեւորութեան ընթացքին, լոյսը որ կը թափանցէ խաւարը, կը յայտնէ, թէ Աստուած Հայր մըն է եւ Անոր հաւատարիմ համբերութիւնը աւելի զօրեղ է քան խաւարն ու կաշառութիւնը։
Ասոր մէջն է որ կը կայանայ Սուրբ Ծննդեան գիշերուան աւետիսը։ Աստուած չճանչնար բարկութիւնը. Ան միշտ ներկայ է՝ նման անառակ որդիին Հօր, որ կը սպասէ իր զաւկին վերադարձին։
Եսայի Մարգարէն կ՝աւետէ ճրագ մը որ կը լուսաւորէ խաւարը։ Ան ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, հիւրընկալուեցաւ Մարիամի սիրալիր ձեռքերուն մէջ, Սուրբ Յովսէփի գորովով եւ մոգերու հմայքով։
Երբ՝ որ հրեշտակները, Փրկչին ծննդեան լուրը աւետեցին հովիւներուն, այս խօսքերը փոխանցեցին ` ''հոն պիտի գտնէք մանուկ մը փաթթուած խանձարուրներով եւ դրուած մսուրին մէջ (Ղուկ. 2, 12)։''
Ասիկա, Աստուծոյ խոնարհութեան նշանն է, հաստատեց Ֆրանիչսկոս Պապը, Ան կրեց մեր խեղճութիւնները, տառապանքը, մեր հոգերն ու ցանկութիւնները ինչպէս նաեւ մեր սահմանափակումները։
Այս ծննդեան գիշերը, մինչ՝ կը խոկանք նորածին Մանուկ Յիսուսին որ զետեղուած է մսուրին մէջ, կանչուած ենք մտածելու, ինչպէ՞ս հիւրընկալել Աստուծոյ քնքշութիւնը։ Արդեօք պիտի արտօնե՞մ Անոր, ողջագուրելու զիս կամ պիտի արգիլեմ՝ որ մօտենայ ինծի։։
Կարեւորը Աստուած փնտռելը չէ, այլ ՝ թոյլ տալ որ Ան զիս գտնէ եւ ողջագուրէ։ Ասիկա է Մանուկ Յիսուսի մեզի ուղղած հարցադրանքը , արդե՞օք թոյլ կու տամ Աստուծոյ, որ զիս սիրէ։
Ու նաեւ, արդեօք ունի՞նք քաջութիւնը անուշութեամբ ընդունելու մեր մօտ գտնուող անձերու դժուարին կացութիւնները, այլ՝ կը բաւարարուինք միայն անոնց հարցերուն լուծումներ որոնելով առանց՝ Աւետարանի ջերմութեան։ Ինչքա՜ն քնքշութեան պէտք ունի աշխարհը։
Երբ անդրադառնանք որ Աստուած սիրահարուած է մեր փոքրիկ իրողութիւններուն՝ որ Ան Փոքրիկ եղաւ, մեր հետ հանդիպելու համար, չենք կրնար մեր սրտերը չբանալ եւ չաղաղակել. Տէր` օգնէ մեզի ըլլալու Քեզի նման, պարգեւէ մեզի շնորհքը Քու քնքշութեանդ, կեանքի ամենադժուար պահերուն։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր , այս գիշեր, խոկանք մսուրին առջեւ, որուն առջեւ ժողովուրդը որ կը քալէր խաւարին մէջ տեսաւ ճրագը։ Այդ ճրագը տեսան խոնարհ մարդիկ, որ պատրաստակամ էին ընդունելու Աստուծոյ պարգեւը։ Ճրագը չտեսան ըմբոստները, ամբարտաւան մարդիկը որոնք օրէնքներ կը հաստատեն իրենց անձնական շահերուն համար, կամ անոնք որ փակ կեցուածքներ ունին։
Նայինք Մսուրին եւ աղօթենք, Սուրբ Կոյս Մարիամէն խնդրելով՝ ''ով Մարիամ ցոյց տուր մեզի Յիսուսը'' ։








All the contents on this site are copyrighted ©.