2014-12-25 12:19:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Սուրբ Ծննդեան աւանդական պատգամը եւ “Urbi et Orbi” առաքելական օրհնութիւնը։


(Ռ.Վ. 25 դեկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի 25 դեկտեմբեր 2014-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին ուղղեց Սուրբ Ծննդեան աւանդական պատգամը եւ “Urbi et Orbi” առաքելական օրհնութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ`
Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր, բարի Ծնունդ.
Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին, աշխարհի Փրկիչը, ծնած է մեզի համար։ Ծնած է Բեթղեհէմ կոյսէ մը՝ իրականացնելով հին մարգարէութիւնները։ Կոյսին անունն է Մարիամ, եւ նշանածը՝ Յովսէփ։
Միայն խոնարհ անձերը, որոնք լի են Աստուծոյ բարութեան յոյսով՝ կրնան Յիսուս հիւրընկալել եւ զինք ճանչնալ։ Այսպէս՝ Սուրբ Հոգին լուսաւորեց Բեթղեհէմի հովիւները, որոնք աճապարելով դէպի Բեթղեհէմի քարայրը Մանուկին երկրպագեցին։ Ապա Սուրբ Հոգին առաջնորդեց Սիմէոն եւ Աննա ծերունիները, դէպի Երուսաղէմի տաճարը, եւ անոնք ճանչցան Յիսուս իբր Մեսիա։ ՙԱչք իմ տեսին զփրկութիւն քո՚, կը բացագանչէ Սիմէոն ՙՓրկութիւն ամենայն ժողվրդեան՚ (Ղուկ Բ. 30)
Այո, Եղբայրներ, Յիսուս փրկութիւնն է իւրաքանչիւր անհատի եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի համար։
Իրմէ, աշխարհի Փրկիչէն կը խնդրեմ, որ պահպանէ մեր եղբայրները եւ քոյրերը, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր կը տառապին պատերազմի հետեւանքներով՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ. կրօնական եւ ցեղային այլ խմբակցութիւններու հետ միասին անոնք ենթարկուած են դաժան հալածանքի։ Ս. Ծնունդը թող անոնց յոյս բերէ, ինչպէս տարածաշրջանի եւ ամբողջ աշխարհի բազմաթիւ տեղահանուածներու, գաղթականներու եւ փախստականներու, երեխաներու, չափահասներու, տարիքաւորներու։ Թող Սուրբ Ծնունդը շրջէ անտարբերութիւնը` հիւրընկալելու մերժողականութիւնը, որպէսզի անոնք, որոնք ներկայիս փորձութեան մէջ կը գտնուին՝ ստանան մարդկային հարկաւոր օգնութիւնները՝ կարենալ գոյատեւելու համար ձմրան դառնութեան մէջ, կարենալ դառնալու իրենց երկիրները եւ ապրելու արժանապատուութեամբ։ Թող Տէրը բանայ սրտերը՝ փոխադարձ վստահութեան եւ պարգեւէ իր խաղաղութիւնը ամբողջ Մերցաւոր Արեւելքի, սկսեալ իր Ծննդավայր՝ օրհնուած Երկրէն, օգնելով ճիգերուն անոնց, որոնք գործունեայ պարտականութիւնն ստանձնած են իսրայէլցիներու եւ Պաղեստինցիներու երկխօսութեան գործին մէջ։
Յիսուս, աշխարհի Փրկիչը, նկատէ անոնք որոնք կը տառապին Ուքրանիոյ մէջ եւ օգնէ այն սիրելի երկրին յաղթահարելու համար լարուածութիւնները, ատելութիւնը եւ բռնութիւնը եւ սկսելու եղբայրութեան եւ հաշտութեան նոր ճանապարհ մը։
Քրիստոս Փրկիչը՝ շնորհէ խաղաղութիւն Նիկերիայի, ուր այս ժամուս ալ նոր արիւն կը թափուի եւ բազմաթիւ մարդիկ անարդարօրէն ենթարկուած են պատանդի վիճակի կամ սպանդի։ Կը խնդրեմ խաղաղութիւնը նաեւ Ափրիկէի այլ երկիրներու համար։ Յատկապէս կը մտածեմ Լիպիայի, հարաւային Սուտանի, Կենդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան, եւ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան զանազան մարզերու մասին։ Կը խնդրեմ անոնցմէ, որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւնն ունին՝ որ ստանձնեն երկխօսութիւն գոյացնելու պարտականութիւնը եւ գերազանցեն տարբերութիւնները եւ կերտեն եղբայրական համակեցութեան կայունութիւն։
Յիսուս փրկէ բազմաթիւ երեխաները, որոնք բռնութեան զոհեր են, առարկայ վաճառքի եւ կամ պարտադրուած զինուորագրութեան։ Յիսուս՝ նախորդ շաբթուան մէջ Փաքիստան սպաննուած երեխաներու ծնողներուն մխիթարանք շնորհէ։ Յիսուս ըլլայ մօտիկ անոնց, որոնք կը տառապին հիւանդութիւններէ, յատկապէս Իպոլա համաճարակի զոհերուն, մասնաւորապէս Լիպերիայի, Սիերրա Լէոնէի եւ Կուինէայի մէջ։ Անոնց, որոնք քաջաբար կը գործեն օգնելու հիւանդներուն եւ ընտանիքներուն, ի սրտէ կը նորոգեմ խնդրանքս, որ ապահովեցնեն աջակցութիւն եւ հարկաւոր դարմաններ։
Այս Սուրբ Ծննդեան շատ են արցունքները, խառնուած Յիսուս Մանուկի արցունքներուն հետ։
Սիրելի Եղբայրներ եւ Քոյրեր, թող Սուրբ Հոգին այսօր մեր սրտերը լուսաւորէ, որպէսզի Բեթղեհէմ՝ Մարիամ Կոյսէն ծնած Յիսուս Մանուկին մէջ ճանչնանք փրկութիւնը, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին, իւրաքանչիւր մարդու եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն շնորհուած է Աստուծոյ կողմէ։
Քրիստոսի զօրութիւնը, որ ազատագրում եւ ծառայութիւն է, թող լսելի ըլլայ շատ մը սրտերու մէջ, որոնք կը տառապին պատերազմներէ, հալածանքներէ, ստրկութենէ։ Թող այս աստուածային զօրութիւնը իր հեզութեամբ հեռացնէ կարծրութիւնը շատ մը այր մարդոց եւ կիներու սրտերէն, որոնք մխրճուած են աշխարհիկ հոգիի եւ անտարբերութեան մէջ։ Թող իր փրկարար զօրութիւնը զէնքերը փոխակերպէ արօրներու, աւերումը՝ ստեղծագործութեան, ատելութիւնը սիրոյ եւ գորովի։ Որպէսզի կարենանք ուրախութեամբ ըսել՝ ՙԱչք մեր տեսին զփրկութիւն քո։՚
Բարի Ծնունդ բոլորին։







All the contents on this site are copyrighted ©.