2014-12-24 11:10:20

Հնդկաստանը 25 Դեկտեմբերը հռչակած է ''բարի կառավարութեան օր’’։


(Ռ.Վ. 24 դեկտեմբեր 2014) Հնդկաստանը 25 Դեկտեմբերը հռչակած է ''բարի կառավարութեան օր’’ ։ Այս օրը պիտի տօնուի ազգային գետնի վրայ, հրաւիրելով կառավարական հաստատութիւնները, քաղաքացիները, ընկերակցութիւնները ու բոլոր կրօններու հաւատացեալները պահ մը խորհրդածելու եւ իրենց դիտողութիւնները բանաձեւելու Լաւ Կառավարումի մասին, հիմնուելով ճշմարտութեան, պարկեշտութեան, հասարակաց բարիքի, հանրային շահի, արժանաւորութեան ու բոլորին հաւասար իրաւունքի նշանաբանին վրայ։
Քրիստոնեաները նպաստաւոր կերպով ընկալեցին կառավարութեան այս որոշումը, մատնանշելով որ Յիսուսի Ծնունդի թուականը ընտրելով Հնդկաստանը մեծարած կ’ըլլայ Քրիստոսը, որ աշխարհ եկաւ սրբելու ամէն արցունք եւ հաստատելու աշխարհ մը ուր գառնուկն ու առիւծը միատեղ կ’արածեն։ Յիսուսի ս. Ծնունդը ինքնին խաղաղութեան, անդորրութեան ու ներդաշնակութեան պատգամ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.