2014-12-23 12:00:22

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նամակը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն` ''կառչած մնացէք հաւատքին հակառակ դժուարութիւններուն''։


(Ռ.Վ. 23 դեկտեմբեր 2014) Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին, Ֆրանչիսկսոս Պապը երկարաշունչ նամակ մը յղած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն եւ հաւատացեալներուն որուն մէջ կը յայտնէ իր մօտիկութիւնը, ցաւերու բաժնեկցութիւնը ու քաջալերանքը` կառչած մնալու հաւատքին, հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն եւ ահռելի տառապանքին։
Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր,
Օրհնեալ է Աստուած, հայր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, Հայր` բոլոր գթութիւններու եւ Աստուած ամէն մխիթարութեան, որ մեզ կը մխիթարէ մեր նեղութիւններուն մէջ, որպէսզի նոյն մխիթարութեամբ զոր մենք կ՛ընդունինք Աստուծմէ, մխիթարենք ուրիշները որ նեղութեան մէջ են'' (Բ Կորընթացներուն 1, 3-4)։
Երբ մտածեցի ձեզի այս նամակը գրել, Պօղոս առաքեալի այս բառերը միտքս եկան , սիրելի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եղբայրներ։ Եւ այս մէկը կը կատարեմ ս Ծննդեան տօնին նախօրեակին, այն գիտակցութեամբ որ ձեզմէ շատերուն համար Ծննդեան մեղեդիները պիտի շաղուին արցունքներուն։ Բայց եւ այնպէս Աստուծոյ Որդոյն ծնունդը մեր մարդկային կերպարանքով մխիթարութեան անճառ խորհուրդ մըն է` ''Յայտնուեցաւ Աստուծոյ շնորհքը որ փրկութիւն կը բերէ համայն մարդկանց''։
Այս տողերով է որ Նորին Սրբութիւնը սկսաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ուղղած իր նամակը որուն մէջ ապա անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի կրած նեղութիւններուն ու յատկապէս վերջին շրջանի տեղի ունեցող պատերազմներուն եւ ի յայտ եկած ''ահաբեկչական կազմակերպութեան'' իրագործած անմարդկային արարքներուն որուն թիրախ դարձած են քրիստոնեաները, որ առաքեալներու շրջանէն ի վեր այդ հողերու վրայ կը բնակին։
Ձեզի ուղղելով խօսքս, կը գրէ ապա Քահանայապետը, չեմ կրնար մոռնալ այլ ցեղական եւ կրօնական խումբերը որոնք իրենց կարգին հալածուած են ու թիրախ հակամարտութիւններուն։
Ամէն օր կը հետեւիմ Միջին Արեւելքի ահռելի տառապանքի լուրերուն։ Կը մտաբերեմ յատկապէս մանուկները, մայրերը, տարեցները, տեղահաններն ու գաղթականները ու բոլոր անոնք որ անօթութենէ կը տառապին եւ անոնք որ պիտի դիմագրաւեն ձմեռնային կլիմայի դաժանութիւնը։

''Բոլորին կ՛ուզեմ յայտնել իմ մօտիկութիւնս եւ իմ ու եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ու նուիրել մխիթարութեան եւ յոյսի խօսք մը'' գրեց ապա Քահանայապետը ընդգծելով քրիստոնեաներու Յիսուսի մասին տուած արի վկայութիւնը ու քաջալերելով կառչած մնալ Յիսուսին, որպէս որթատունկի ճիւղեր, վստահ ըլլալով որ ոչ նեղութիւնը, ոչ անձկութիւնը, ոչ հալածանքը ոչ վիշտն ու ոչ սուրը մեզ Անորմէ պիտի բաժնեն։
Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ եղբայրական միութեան, կարեւոր նկատելով զայն այս դժուար պահերուն։
''Կացութիւնը որուն մէջ կ՛ապրիք զօրաւոր կոչ մըն է կեանքի սրբութեան, այնպէս ինչպէս ապացուցին սուրբերն ու մարտիրոսները'' գրեց Քահանայապետը ակնարկելով այն կղերականներուն եւ հաւատացեալներուն որոնք իրենց կեանքը զոհեցին` իրենց քրիստոնէական հաւատքի համար։
Կը մտաբերեմ նաեւ առեւանգուած անհատները, որոնց շարքին զանազան ծէսերու պատկանող եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ։ Թող շուտով կարենան ողջ առողջ վերադառնալ իրենց տուները եւ իրենց հասարակութիւններուն։
Սրբազան Հայրը ապա գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես Կաթողիկէ եւ Օրթոտոքս Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներու եւ հաւատացեալներու միջեւ գոյացող բարի կապերուն եւ համագործակցութեան, ակնարկելով արեան համամիութեան որ կը պահանջէ ամբողջական ապաւինում Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան։
''Տարածաշրջանի հարստութիւնը Քրիստոնեաներն են'' գրեց Նորին Սրբութիւնը, գնահատելով քրիստոնեաներու վկայութիւնը եւ այլ կրօններու պատկանող հաւատացեալներու հետ համագործակցութիւնը ու շեշտելով միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը որ ''միակ ճանապարհն է եւ հակաթոյն` կրօնական ծայրայեղութեան, որ սպառնալիք մըն է բոլոր կրօններու հաւատացեալներուն համար։
''Երկխօսութիւնը միաժամանակ արդարութեան ի սպաս ծառայութիւն մըն է եւ անհրաժեշտ պայման մը խաղաղութեան'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով Իսլամ - Քրիստոնեայ համակեցութեան, եւ անդրադառնալով Իրաքի քրիստոնեաներուն ինչպէս նաեւ Եազիտիներուն կրած հալածանքներուն ու հրաւիրլով կրօնական պատասխանատուները վճռակամ դիրք մը որդեգրելու եւ միաձայն դատապարտելու յանուն կրօնի գործուած արարքները։

''Սիրելիներ դուք բոլորդ ձեր երկիրներուն բնիկներն էք, ասոր համար ալ իրաւունք եւ պարտականութիւնն ունիք լիիրաւ կերպով ձեր սատարը տալու ձեր ազգին կեանքին ու ձեր երկրին բարգաւաճումին ուր կանչուած էք ըլլալու խաղաղութեան եւ հաշտութեան կառուցողները ինչպէս նաեւ կանչուած էք զարգացնելու երկխօսութիւնը եւ կամուրջներ կառուցելու ըստ Երանութիւններու հոգիին, եւ հռչակելու խաղաղութեան աւետարանը, բաց ազգային ու միջազգային հասարակութիւններուն հետ համագործակցութեան'' գրեց ապա Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը յայտնելով նաեւ Պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն եւ քահանաներուն ու կղերական դասին անոնց նուիրումին եւ իրենց հաւատացեալներուն մօտիկ ըլլալուն համար։ Ան ապա հայրական յատուկ ողջոյն մը ուղարկեց երիտասարդներուն անոնց վստահեցնելով որ կ՛աղօթէ իրենց համար ու անոնց մարդկային եւ քրիստոնէական աճումին ու ապա յորդորեց ''մի վախնաք եւ մի ամչնաք քրիստոնէութենէն'' իսկ տարեցներուն յայտնեց իր յարգանքի զգացումները զանոնք որակելով ժողովուրդներու ''յիշողութիւնը'' յոյս յայտնելով որ կարենան նպաստել նոր սերունդներու աճումին ու զարգացումին։
Սրբազան Հայրը հուսկ քաջալերեց բոլոր անոնք որ կը գործեն մարդասիրական ասպարէզէն ներս անոնց յայտնելով իր հիացումը անոնց տածած աշխատանքին համար, յատկապէս մատնանշելով դաստիարակչական մարզին կարեւորութիւնը։

Սիրելիներ գրեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապը նոյնիսկ եթէ փոքրաթիւ էք դուք Եկեղեցւոյ կեանքին դերակատարներն էք։ Համայն Եկեղեցին ձեզի մօտիկ է ու ձեզի թիկունք կը կանգնի ու պիտի շարունակենք ձեզ օգնել աղօթքով ու մեր տրամադրութեան տակ ունեցած բոլոր միջոցներով։
Միաժամանակ կը շարունակեմ խրախուսել միջազգային հասարակութիւնը սատարելու ձեր կարիքներուն ու բոլոր տառապող փոքրամասնութիւններուն. նախ եւ առաջ հրահրելով խաղաղութիւնը` դիւանագիտական աշխատանքի եւ բանակցութիւններու միջոցաւ, ջանալով դադրեցնել բռնութիւնները որ արդեն մեծ վնասներ պատճառեցին։
Չենք կրնար համակերպիլ պատերազմին, կարծես թէ փոփոխութիւնը անկարելի ըլլար։ Կը հրաւիրեմ ձեզ շարունակել աղօթել Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար'' կոչ ուղղեց Սրբազան Հայրը վստահեցնելով որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները միայնակ չեն եւ յոյս յայտնելով որ ''շնորհքը ունենայ անձամբ այցելելու եւ մխիթարելու զանոնք''։
Ան ապա նամակը եզրափակեց Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանիին ու քնքշութեան յանձնելով բոլորը ու անոնց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնները եւ մաղթելով որ կարենան Սուրբ Ծնունդը ապրիլ Փրկիչ Քրիստոսի սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.