2014-12-23 11:05:08

Յուսալ եւ հաւատալ


Այս երկու բառերով կամ գեղեցիկ մտածումներով կը պատրաստուինք ընդունելու Մանուկ Յիսուսը որ պիտի ըլլայ Փրկիչը մարդկութեան:
Հազարաւոր հրեաներ եւ մարդիկ կը յուսային տեսնել իրենց փրկիչը, Զաքարիա Մարգարէն չձգեց տաճարը մինչեւ որ իր աչքերը տեսնէին այդ պզտիկ մանուկը որ ծնողքին հետ եկաւ տաճար ներկայացնելու իր անձը եւ կամքը Աստուծոյ:
Յիսուսի անձը եղաւ հաւատքի եւ գայթակղումի պատճառ մը շատերուն համար, եւ սակայն այս հաւատքը շարունակեց տիրել միլիոնաւոր մարդոց սրտերուն վրայ:
Սուրբ Կոյսի Աւետումէն մինչեւ Յիսուսի ծնունդը, Սուրբ ընտանիքը անձաւ կարեւոր շրջաններէն եւ գայլերէն, ինչպէս Եղիսաբէթին այցելութիւնը որուն մէջ Սուրբ Կոյսը արձանագրեց Քրիստոնէութեան ստեղծումին առաջին սուրբ երգը եւ գեղեցիկ խօսքերը իր «Մեծասցուցէն», որուն մէջ կը տեսնենք Աւեման եւ Այցելութեան պատկերները, եւ մանաւանդ Աստուծոյ իղձը՝ նոր մանուկին ծննդեան որոնց միջոցաւ Եկեղեցին պիտի ունենայ առաջին պատրաստութիւնը աւետարանացումին:
Մենք մեզի հարց տանք թէ ո՞վ որուն կ'աւետէ... Ո՞վ եւ որուն կ'այցելէ եւ որուն սէրը եւ հոգին կը ցնծայ, այսինքն ո՞ւր կը կայանայ այս աւետումը եւ այցելութիւնը Եղիսաբէթին: Այս արարքին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ ներկայութիւնը որ կ'աշխատի Սուրբ Հոգգին միջոցաւ զօրաւոր կերպով եւ աչքերու տեսարաններով նոր աշխարհին մէջ մտցնելու փրկչագործութեան հրաշքը:
Որպէս քրիստոնեայ եւ դէտ, պէտք եմ իմանալ թէ այս դէպքերը ոսկիէ պատկեր մըն են քրիստոնէական կեանքին, հաւատքը եւ սէրը այդ երկու դեւերը եղան Սուրբ Կոյսին հրեայ ժողովուրդին սրտին մէջ մտցնելու նոր Փրկչին գաղափարը: Այս ձեւով մարդս կը զօրանայ ուրախութեամբ եւ ազատութեամբ եւ խաղաղութեամբ. այս է Եկեղեցւոյ նոր պատկերը որ կը պատրաստուի նոր մանուկը ընդունելու, Եկեղեցին՝ որ ընդառաջ եկաւ շնորհիւ Աւետման եւ Եղիսաբէթի այցելութեան:
Այս Աւետարանական սրբակեաց կերպով պատրաստուինք սուրբ ծննդեան տօնին խորունկ հաւատքով լեցուն՝ արժեւորենք Աստուծոյ տուրքը որ մեզի կը յանձնուի, միշտ աչքերնիս առջեւ դնելով այն խոստումները որոնք կ'իրականան մեր առջեւ, յուսալով թէ հաւատալով, աւետելով, ծառայելով եւ ընդունէլով նոր պատգամը կրնանք իսկական վկայութիւնը համայն մարդկութեան: Հոն է արդէն մեր ուրախութիւնը:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.