2014-12-23 10:03:22

Հալէպի Յոյն կաթողիկէներու առաջնորդին աղօթքն է որ Ծնունդը բերէ խաղաղութեան մեծ պարգեւը։


(Ռ.Վ. 23 դեկտեմբեր 2014) “Մենք եւս կ’ուզենք ապրիլ ուրախ ու յուսադրիչ Ծնունդ մը, հակառակ այս տմարդի պատերազմին որ չորս տարիէ մեզ կը ճմլէ։ Բազմաթիւ մայրեր կ’ ողբան իրենց զաւակներու ու այրերու կորուստը։ Բազմաթիւ են ընչազուրկ ընտանիքները, անոնք կը տառապին սովէն եւ պաղէն, ռումբերը կործանեցին իրենց տուները'' այս բարերով է արտայայտուեցաւ գերապայծառ Ժան Քլեման Ժանպար` առաջնորդը Հալէպի թեմի յոյն կաթողիկէներուն։
Հալէպի քրիստոնեաներուն ոյժ եւ յոյս կը ներշնչէ Արեւմուտքէն եկած լուրերը, ուր ֆրանչիսկոս Քահանայապետի քաջալերանքով ու խնդրանքով կ’աշխատին լուծում մը գտնել վերջ դնելու պատերազմին, երկխօսութեան ճամբով։
Գերապայծառ Ժանպար կը գրէ` մխիթարական է տեսնել այդ երկիրներուն տածած ջանքը օգնութեան հասնելու կարօտեալ ընտանիքներուն։ Հալէպի եկեղեցիները կը շարունակեն իրենց սատարը բերել սնունդի, առողջապահութեան ու ֆինանսական գետնի վրայ համոզելու քրիստոնեաները կառչած մնալու իրենց քաղաքին։ Գերապայծառ Ժամպար իր ծննդեան պատգամին մէջ կը գրէ. ''Այս տարի եւս կ’ուզենք տօնել Ծնունդը։ Ծնունդը տօնն է յոյսի, հիւրընկալութեան, այդ պատճառաւ եկեղեցիներուն մէջ պիտի կազմակերպուին հանդիսութիւններ ու խաղեր մասնաւորապէս մանուկներուն համար։ Հալէպի քրիստոնեաները կը տառապին սակայն անձկագին ու յոյսով կը սպասեն որ Տէրը մեզի բերէ խաղաղութեան պարգեւը։








All the contents on this site are copyrighted ©.