2014-12-23 11:11:26

Եկէք տեսէք անվախ Մանուկը


«Մի վախնաք, որովհետեւ ահաւասիկ պիտի աւետեմ ձեզի մեծ ուրախութիւն մը, որ պիտի ըլլայ նաեւ ամբողջ ժողովուրդին: Այսօր ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ որ օծեալ Տէրն է: Արշալոյսը յա-ջորդական ծնունդներու, նոր մարդուն, եղբայրութեան ու խաղաղութեան բոլոր ժողովուրդներուն միջեւ»:
Այո, այս է Աւետիսը զոր տուաւ հրեշ-տակը համայն մարդկութեան 2014 տարիներ առաջ. անվախ Մանուկ մը ծնաւ որպէսզի քաջութիւն շնորհէ բոլոր յոգնած եւ վախի մէջ գտնուող հոգի-ներուն՝ ըսելով բոլորին թէ «եկած եմ մսուրի մը մէջ ծնելու ձեզի բանալու արքայութեան դռները»:
2014 տարիներ առաջ, տեղի ունեցած այս հրաշք ծնունդը՝ երրորդ հազար-ամեակին՝ տակաւին չհասաւ իր նպա-տակին մարդկութեան փրկութիւնը ազատելու մեղքի ստրկութենէն: Ան կը կարօտի քրիստոնեաներուն անվերա-պահ ու կենսունակ յանձնառումին, որով միասնականութեամբ պիտի աշ-խատին նորանոր ծնունդներ ապահո-վելու, որպէսզի մասնակցին փրկչագոր-ծութեան սիրոյ խորհուրդին: Աստուած-որդիին ծնունդով՝ բոլոր հեզ հոգիները հրաւիրուած են ընդհանրական սիրոյ:
Մարգարէները պատրաստեցին Փըրկիչին ծնունդը, սակայն շատեր չհասկցան կամ չուզեցին հասկնալ այս կարեւոր իմաստը որովհետեւ տարբեր ձեւով եւ տարբեր ոգիով փրկիչ մը կը փափաքէին ունենալ:
Յիսուս նախընտրեց մսուրը՝ իմաստը տալու իր առաքելութեան: Եկած է պարզ մարդոց նման վոնարհ կերպով ծնելու, շրջապատուած անասուններով, նախընտրելով մսուրը շքեղ պալատ-ներուն:
Անվախ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ ուրկէ պիտի բխէր խաղաղութեան պատգամը համայն ժողովուրդներուն:
Յիսուսի ծննդեան 2014 տարե-դարձին՝ Ան կը ծնի պզտիկ նշխարհի երեւոյթին տակ, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ որպէսզի իր ներկայու-թիւնը հաստատէ բոլորիս սրտերուն մէջ, որ է կենդանարար սնունդը բոլոր հոգիներուն:
Յիսոսւ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, ամէնէն համեստ պայմաններուն մէջ ապրելով 33 տարի միայն:
Սուրբ ծնունդէն մինչեւ խաչելու-թիւնը, Անոր կեանքը եղաւ արտակարգ-օրէն հրաշալի եւ մարդկութեան համար ուղեցոյց՝ ճանչնալու ճշմարիտ Աստ-ւածը:
Մեր հոգիին մէջ ամէն մարդ եւ ամէն ինչ տեղ ունի: Տեղ ունին ապագան, հարստութիւնը, հաճոյքը եւ յաջողու-թիւնը. տեղ ունին նաեւ կիրքն ու ցանկութիւնը, նախանձն ու ատելութիւնը, բայց արդեօք տեղ ո՞ւնի խաղաղասէր Յիսուսը, այն Փրկիչը որ եկաւ մաս-նաւոր կերպով իմ եւ քու հոգիդ փրկելու:
Թող Մանուկ Յիսուսը մեր զար-թուցիչը դառնայ լսեցնելու բոլորիս իր ծննդեան պատգամը՝ որ է սէր, ճըշ-մարտութիւն եւ զօրաւոր հաւատք:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.