2014-12-23 11:22:13

«Կռունկ» երգչախումբի սուրբ Ծննդեան համերգը


Կազմակերպութեամբ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, կիրակի, 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ծննդեան համերգ` կատարողութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Կռունկ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ դոկտոր Եդուարդ Թորիկեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Ժան Փիեռ Աստիկեանի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դալար Աթէշեան: Ան հաստատեց, որ Քրիստոսի ծնունդը գործնական սէր է, յատկապէս երբ կը նուիրուինք բարի գործեր կատարելու համեստ ու պարզ հոգիով: Ան նկատել տուաւ, որ շարականները հզօր կապ մը կը հիւսեն երկինքի եւ երկրի միջեւ` աւելցնելով, որ սոյն ելոյթը նաեւ խորհրդածութեան եւ աղօթքի պահ մը պիտի ըլլայ:
Այնուհետեւ «Կռունկ» երգչախումբը ներդաշնակ երգեցողութեամբ մեկնաբանեց սուրբ Ծննդեան շարականներու փունջ մը` նաեւ զանազան լեզուներով. «Խորհուրդ մեծ», «Ով զարմանալի», «Սուրբ Ծնունդ», «Երգ Նոր տարուան», «Քրիստոս ծնաւ», «Կլորիա», «Ճինկըլ պելզ» եւ այլն: Երգչախումբին մերթ ընդ մերթ ջութակով ընկերացաւ Ռիթա Աստիկեան, ինչպէս նաեւ տհոլի վրայ` Նազելի Չիթճեան:
Աւարտին, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ սրտի խօսք ուղղելով մեծապէս գնահատեց երգչախումբի կատարումը` հաստատելով, որ ներկայացուած համերգին շնորհիւ կրցանք զգալ եւ ապրիլ Ծնունդի մթնոլորտը:







All the contents on this site are copyrighted ©.