2014-12-22 14:31:19

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի բարեմաղթութիւնները Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի պաշտօնեաներուն։


(Ռ.Վ. 22 դեկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 22 դեկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց հանդիպում ունենալ Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի բոլոր պաշտօնեաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ, անոնց փոխանցելու համար Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթութիւնները։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ուր Սրբազան Հայրը ժամանեց 11.40-ին, եւ ընդունուեցաւ ուրախութեան ծափողջոյններով։
Այս առթիւ ներկաներուն արտասանած խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ այս հանդիպումով Ինք կ՛ուզէ ամէն մէկուն յայտնել իր անկեղծ շնորհակալութիւնը եւ ամենաբարի մաղթանքները` Տիրոջ Ծննդեան տօնին առթիւ։
Ան ապա յատուկէն ողջունեց իտալացի եւ օտարազգի պատկանող բոլոր պաշտօնեաները` որոնք կը ներկայացնեն Սուրբ Աթոռին Կաթողիկէութեան դիմագիծը։
''Շնորհակալ եմ ձեր առօրեայ յանձնառումին եւ ձեր աշխատանքին համար'' ըսաւ Սրբազան Հայրը Հռոմի Քուրիան ներկայացնելով որպէս մէկ մարմին եւ որպէս իսկական խճանկար մը հարուստ` իր զանազան անհրաժեշտ եւ իրար լրացուցիչ մասերով։
Ան հուսկ խօսքը կեդրոնացուց մէկ բարի վրայ ''խնամք կամ խնամք տանիլ''։
Խնամել կը նշանակէ աշխատասէր եւ խոհուն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել մէկու մը կամ բանի մը հանդէպ։ Նման այն մօրը որ իր զաւակը կը խնամէ ամենայն նուիրումով։ Ան չի նայիր ժամացոյցին, չի գանգատիր եւ ուրիշ բան չի փափաքիր եթէ ոչ իր զաւկին բուժումը, ամէն գնով։
''Այս ժամանակահատուածին ընթացքին որ ձեր հետ անցուցի նկատեցի թէ ինչպէս դուք ալ հոգ կը տանիք ձեր աշխատանքին ու ասոր համար մեծապէս շնորհակալ եմ'' ըսաւ Քահանայապետը ու ներկաները յորդորեց Սուրբ Ծնունդը դարձնել իսկական առիթ մը ''խնամելու'' որեւէ վէրք եւ ''խնամուելու'' բոլոր պակասութիւններէն։
Խնամեցէք ձեր հոգեւոր կեանքը. Աստուծոյ հետ ձեր յարաբերութիւնը։ խնամեցէք ձեր ընտանեկան կեանքը ձեր զաւակներուն տալով ոչ միայն դրամ այլ յատկապէս ժամանակ, ուշադրութիւն ու սէր։ Խնամեցէք ուրիշներու հետ ձեր յարաբերութիւնները, ձեր խօսելակերպը։ Խնամեցէք սրտի վէրքերը եւ ներողամտութեան իւղը, ներելով անոնց որ ձեզ վիրաւորեցին ու խնամելով վէրքերը զոր մենք պատճառեցինք ուրիշներուն։
Խնամեցէք ձեր աշխատանքը, զայն կատարելով խանդավառութեամբ, խոնարհութեամբ, հմտութեամբ, սիրով, եւ Տիրոջ շնորհակալութիւն յայտնող հոգիով։
Դուք ձեզ խնամեցէք նախանձէն, ատելութենէն, եւ բացասական զգացումներէն որ մեր ներքին խաղաղութիւնը կը մաշեցնեն ու մեզ կը փոխակերպեն քանդուած եւ կործանարար անհատներու։
''Խնամուինք դառնութենէն որ վրէժխնդրութիւն կը յառաջացնէ, ծուլութենէն, գանգատելէն, եւ չարախօսութենէն'' ըսաւ Սրբազան Հայրը հրաւիրելով խնդրել Տիրոջմէ շնորհքը լեզուն զուսպ պահելու։
Խնամենք տկար եղբայրները, տարեցները, հիւանդները եւ խնամք տանինք Սուրբ Ծնունդին որպէսզի անիկա երբեք առեւտրային սպառողականութեան տօնակատարութիւն մը չդառնայ, այլ ըլլայ տօն ուրախութեան `ընկալելու համար Տէրը մսուրին ու մեր սրտին մէջ։
Սիրելի պաշտօնեաներ եւ աշխատակիցներ, պահ մը երեւակայենք թէ ինչպէս պիտի փոխուէր աշխարհը, եթէ մեզմէ ամէն մէկը սկսէր խնամել ինքզինք ու Աստուծոյ եւ մերձաւորին հետ իր յարաբերութիւնը եւ եթէ ի գործ դնէինք Յիսուսին մեզի թելադրած ոսկեկանոնը ''Ինչ որ կ՛ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ նոյնն ըրէք անոնց։ Այս իսկ են Օրէնքն ու Մարգարէները'' (Մատթ. 7-12)։
Այս է իսկական Ծնունդը` Աստուծոյ աղքատութեան տօնը որ ինքզինք ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով։ Աստուծոյ որ կը ծառայէ սեղանին։ Աստուծոյ Որդոյն որ չ՛եկաւ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու եւ իր կեանքը տալու մեր փրկութեան համար։ Ծնունդը ամենէն առաջ տօնն է խաղաղութեան որ Մանուկ Յիսուսը բերաւ աշխարհ։ Խաղաղութիւնը որ կարիքը ունի մեր խանդավառութեան, մեր խնամքին, որպէսզի ջերմացնէ սառած սրտերը. Որպէսզի քաջալերէ վհատած հոգիները եւ լուսաւորէ մթագնած աչքերը` Յիսուսի լուսաւոր դիմագիծով։
Այս սրտի խաղաղութեամբ է որ կ՛ուզեմ ձեզ ողջունել ամէնքդ, ձեր ընտանեկան պարագաներուն հետ միասին ու իմ այս մաղթանքի խօսքերս չեմ ուզէր եզրափակել առանց ձեզմէ ներողութիւն խնդրելու` իմ եւ իմ գործակիցներուս դերութիւններուն համար։ Ներեցէք ինծի։
Շնորհաւոր Սուրբ Ծնունդ եւ հաճեցէք աղօթել ինծի համար - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ճառը աւարտելով ու հրաւիրելով բոլորը միասին աղօթել ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.