2014-12-22 10:23:07

Յիսուսի ս. Ծննդեան ծիսակատարութիւնները Վատիկանի մէջ։


(Ռ.Վ. 22 դեկտեմբեր 2014) Աստուած կը մարդեղանայ եւ աշխարհ կու գայ մարդկութիւնը փրկելու համար։ Ինչպէս ամէն տարի, Քրիստոնէական աշխարհը մեծ շուքով կը տօնախմբէ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնը, Աստուծոյ` մարդկութեան հետ հանդիպում։
Սուրբ Ծնունդը եղած է միշտ ուրախութեան եւ յոյսի տօն։ ''Բարի Լուրը կամ Աւետիսը''` փրկութեան, յոյսի եւ խաղաղութեան։
Սուրբ Ծննդեան տօնին նախօրեակին` 24 դեկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երեկոյեան ժամը 9,30-ին, ս. Պետրոս Պազիլիքայի մէջ, կը հանդիսապետէ ճրագալոյցի սուրբ Պատարագը, նոյն օրը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ կառուցուած հսկայական սուրբ մսուրի մէջ կը զետեղուի Յիսուս Մանուկի արձանը։
Յաջորդ օրը` 25 դեկտեմբերին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ս. Ծննդեան տօնին օրը, Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմ քաղաքին ու համայն աշխարհին կ՛ուղղէ Սուրբ Ծննդեան աւանդական պատգամը եւ “Urbi et Orbi” առաքելական օրհնութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
26 դեկտեմբերին` Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ։
Մինչ 31 դեկտեմբերին, ժամը 17-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն աւարտին գոհաբանական աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, 2014-ին մարդկութեան շռայլած պարգեւներուն համար։ Աւանդութեան համաձայն այս ծիսակատարութեան աւարտին Քահանայապետը ս. Պետրոսի հրապարակը կ'ուղղուի այցելելու հոն զետեղուած մսուրը, որ այս տարի նուիրուած է Վերոնա քաղաքին կողմէ։
Մէկ Յունուար 2015-ին, խաղաղութեան համաշխարհային օրն է որուն այս տարուան նշանաբանն է ''Այլեւս ոչ թէ ստրուկ այլ եղբայրներ''։ Սրբազան Հայրը, առաւօտեան ժամը 10-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, հանդիսաւոր պատարագ կը մատուցէ ներկայութեամբ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն։
Մինչ 2015-ի Յունուար 6-ին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, միշտ Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը հանդիսապետէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.