2014-12-22 10:09:57

Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կայքէջ Իսրայէլի մէջ


Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Երուսաղէմի յանձնախումբը, կայքէջի մը նախագիծը նախաձեռնեց: Հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած կայքին նպատակն է ՝ իսրայէլացի ընթերցողին ծանօթացնել 20-րդ դարու ողբերգութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Հորիզոն» -ը:
Երկլեզու ՝ ռուսերէն, եբրայերէն կայքին հեղինակները յոյս ունին, որ Իսրայէլի բնակչութեան եւ երկրի ակադեմիայի, մտաւորականութեան հետ համագործակցաբար կատարուող աշխատանքը պիտի ազդէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իսրայէլեան կառավարութեան կեցուածքին վրայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.