2014-12-21 13:06:17

''Սուրբ Ծննդեան թանկարժէք պարգեւը խաղաղութիւնն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը 21 դեկտեմբերի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին։


(Ռ.Վ. 21 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի` 21 դեկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն սկիզբը կատարած խորհրդածութեան մէջ անդրադարձաւ` Սուրբ Ծնունդի պատրաստողական շրջանին` որ հրաւէր մըն է խորհրդածելու` Գաբրիէլ հրեշտակապետին` Սուրբ Կոյս Մարիամին տուած աւետիսին` որով անոր կը յայտնէ թէ ''պիտի յղանայ ու պիտի ծնանի որդի մը որ պիտի կոչէ Յիսուս։ Ան մեծ պիտի ըլլայ ու պիտի կոչուի Որդի Բարձրեալին''։
''Մեր աչքերը սեւեռենք Նազարէթի այդ պարզ կնոջ վրայ որ իր ''այոյով'' հպատակեցաւ Աստուածային պատգամին'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու ակնարկեց Սուրբ Կոյս Մարիամի երկու յատկութիւններուն որպէս պատրաստութիւն սուրբ ծննդեան խորհուրդին` առաջինը հաւատքը. հաւատքի վերաբերմունքը որ կը կայանայ Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելու մէջ ու այդ խօսքին ամբողջութեամբ նուիրուելու։
Պատասխանելով հրեշտակին Մարիամ կ՛ըսէ ''ահաւասիկ եմ ես, Տիրոջ աղախինը, թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն'', այս խօսքերով Մարիամ ամբողջութեամբ կը վստահի Տիրոջ ու կը յանձնուի Անոր կամքին ու սիրոյն։ Այս է ահա Մարիամին հաւատքը։
Երկրորդ` Քրիստոսի Մօր կարողութիւնն է ճանչնալու Աստուծոյ ժամանակը։ Մարիամ այն կինն է որ կարելի դարձուց Աստուծոյ Որդոյն մարդեղութիւնը` իր այոյով։ Մարիամ մեզի կը սորվեցնէ ուշադիր ըլլալու բարենպաստ պահուն` երբ Յիսուս մեր կեանքին մէջ մուտք կը գործէ ու մեզմէ կը խնդրէ մեծահոգի պատասխան մը տալ Իրեն - ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնելով թէ ''Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը Յիսուս դարձեալ կու գայ եւ կը բախէ ամէն քրիստոնեայի սրտին դռները` կ՛անցնի եւ կը բախէ։ Մեզմէ ամէն մին, Մարիամի նման` կանչուած է պատասխանելու անձնական եւ անկեղծ այոյով մը, Աստուծոյ տրամադրութեան ու Անոր ողորմութեան տակ դնելով մենք զմեզ։
Սուրբ Ծննդեան խորհուրդին մէջ Մարիամի մօտ կայ նաեւ Սուրբ Յովսէփի լռելեան ներկայութիւնը։ Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի օրինակը հրաւէր մըն է մեզմէ ամէն մէկուն, ընկալելու Յիսուսը որ սիրոյ համար դարձաւ մեզի եղբայր։
Ան կու գայ աշխարհին բերելու խաղաղութեան պարգեւը` ''Երկրի վրայ խաղաղութիւն`մարդոց իր սիրելիներուն'', այնպէս ինչպէս աւետեցին հրեշտակները հովիւներուն։
Սուրբ Ծննդեան թանկարժէք պարգեւը խաղաղութիւնն է եւ մեր ճշմարիտ խաղաղութիւնը Քրիստոսն է։ Քրիստոս մեր սրտերուն դռները կը բախէ մեզի խաղաղութիւնը շնորհելու համար, հոգւոյն խաղաղութիւնը։ Բանանք դռները Քրիստոսին առջեւ հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը եւ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Աստուածամօր եւ Սուրբ Յովսէփին բարեխօսութիւնը որպէսզի ապրինք քրիստոնէական իսկական Սուրբ Ծնունդ մը, հեռու աշխարհիկ մթնոլորտէն ու պատրաստ` ընկալելու մեր Փրկիչը Յիսուս` Աստուած մեզի հետ։ Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու հոծ բազմութիւնը ու ապա բոլորին մայթեց բարի կիրակի, յոյսով լի Սուրբ Ծնունդ մը եւ ուրախութեան եւ եղբայրութեան Ծնունդ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.