2014-12-20 09:28:48

Փաքիստանի եպիսկոպոսները հաւատացեալներէն խնդրած են Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին առթիւ աղօթել երկրի խաղաղութեան համար։


(Ռ.Վ 20 դեկտեմբեր 2014) Փաքիստանի կաթողիկէ դպրոցները մէկ վայրկեան լռութիւն պահեցին մտաբերելով թալեպաններու զոհ դպրոցականները Բեշաուառին մէջ։
Եպիսկոպոսները հրապարակաւ դատապարտած են տմարդի այդ բռնութիւնը ու իրենց զօրակցութիւնը յայտնած են զոհերու պարագաներուն։ Եպիսկոպոսներու պաշտօնական կոչը ստորագրուած է Քարաշիի առաջնորդ` արքեպիսկոպոս Joseph Coutts-ը` նախագահը Փաքիստանի եպիսկոպոսական դասին։ Ան միաժամանակ երկրի քրիստոնեաներէն խնդրած է որ Ծնունդը տօնախմբեն զուսպ կերպով ի յարգանս սգաւոր ընտանիքներուն ու համայն ազգին։ Յիսուսի ս. Ծնունդը առիթ մըն է յատուկ աղօթք մը բարձրացնելու առ Աստուած Բեշաուառի զոհերուն համար, ինչպէս նաեւ Բունժապի մէջ, Նոյեմբերին սկիզբը, ողջակիզումի թիրախ քրիստոնեայ զոյգին համար, մոլեռանդ մահմետականներու ձեռքով։ Խաղաղութեան Իշխան` Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան օրը Փաքիստանի քրիստոնեաները կանչուած են ջերմ աղօթք բարձրացնել Տիրոջ որպէսզի խաղաղութիւն տայ Փաքիստանի։ Ամէն քրիստոնեայի պարտականութիւնն է աշխատիլ ընկերութեան խաղաղութեան, հաշտութեան, ներդաշնակութեան ու միութեան համար։ Քրիստոնեաները ուստի հրաւիրուած են ձեռք-ձեռքի տալ Փաքիստանի բոլոր քաղաքացիներուն, առանց կրօնական խտրականութեան, յաղթահարելու բռնութիւնն ու ահաբեկչութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.