2014-12-20 09:55:03

Դամասկոսի մէջ մնայուն սարկաւագի ձեռնադրութիւն։


Անցեալ 7 դեկտեմբերին, Դամասկոսի հայ կաթողիկէ Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ կիսասարկաւագ Սարգիս Պուռունսուզեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը` ձեռամբ Դամասկոսի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհիապատիւ հայր Յովսէփ եպիսկոպոս Առնաութեանի:
Արարողութեան աւարտին` Զմմառեան միաբանութեան ընծայարաններու տեսուչ հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեանը կարդաց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին այս առթիւ յղած օրհնութեան գիրն ու շնորհաւորանքները:
«Երանի անբիծներուն իրենց ճանապարհին վրայ, եւ անոնց որ կ'ընթանան ըստ Տիրոջ օրէնքին»: (Սղ. 118,1)
Յոյժ Սիրելի Տէր Սարգիս Սարկաւագ Պռունսուզեան,
Ուրախութեամբ իմացայ Սարկաւագութեան ձեռնադրութեանդ լուրը:
Սարկաւագութեան կարգը ստանալ, որ Քահանայական Խորհուրդին առաջին աստիճանն է, կարեւոր հանգրուան մըն է քու կեանքիդ համար, եւ ան կ'արտայայտէ երկար հոգեւոր եւ մտային պատրաստութեանդ պսակումը, ինչպէս նաեւ հաւատքի մարզին մէջ՝ կոչման լուրջ հասունութիւն։
Միայն հաւատքով կարելի է գնահատել այդ շնորհքը, որ Աստուած քեզի կը պարգեւէ եւ քեզ կը մղէ նուիրելու քու կամքդ, ժամանակդ եւ ամբողջ սիրտդ Յիսուսին եւ հոգիներուն ծառայութեան՝ անոնց աւետելով Աստուծոյ անհուն հայրական սէրը եւ անսահման ողորմութիւնը, որպէսզի Աստուծոյ թագաւորութիւնը աւելի տարածուի Դամասկոսի ժողովրդապետութեան հոգիներուն մէջ, ուր պիտի պաշտօնավարես:
(...)
Հայրական օրհնութեամբ՝








All the contents on this site are copyrighted ©.