2014-12-19 08:45:34

Լեհաստանի Քարիթասը Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին առթիւ օգնութեան պիտի հասնի Իրաքի ու Սուրիոյ մանուկներուն։


(Ռ.Վ. 19 դեկտեմբեր 2014) Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին, լեհերը սովորութիւն ունին, ճաշի սեղանին մէկ աթոռը պարապ թողուլ որպէսզի եթէ կարօտեալ մը անցնի կարողանայ մասնակցիլ տօնին։

Ամէն լեհ ընտանիք թափուր աթոռին տեղ Ծննդեան մոմը կը վառէ։ Համայնավարութեան փլուզումով Քարիթասը նախաձեռնութիւն առաւ Քարիթասի մոմը ծախել ու ժողովուած դրամով կարօտեալ մանուկներուն օգնութեան հասնիլ։

1993էն այսօր Քարիթասը կարողացած է ծախել աւելի քան 20 միլիոն մոմ եւ այդ դրամով օժանդակել աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներուն։

1996ին Լեհաստանի քարիթասը որոշեց հաւաքուած դրամին մէկ մասը ուղարկել աղքատ երկիրներու մանուկներուն։ Այս տարի Լեհաստանի Քարիթասը որոշած է հաւաքուած դրամը սահմանել Իրաքի ու Սուրիոյ մանուկներուն։

Նշենք որ 2000-էն ասդին Քարիթասի մոմը դարձաւ համամիութենական, որուն Ծննդեան մոմերու վաճառքին կը մասնակցին օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցիները։ Նոյնպէս Լեհաստանի Քարիթասը ամէն տարի ծրարներ կ’ուղարկէ բազմանդամ կարօտեալ ընտանիքներուն։ Այս տարի 805 հազար ծրար ուղարկուեցան ընտանիքներուն։ Նոյնպէս 10 հազար ծրարներ ուղարկուեցան Ուկրանիա, ուր բազմաթիւ ընտանիքներ պատերազմի հետեւանքով դժուար պայմաններու մէջ կ’ապրին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անձամբ ուզեց մասնակցիլ ծրարի ծրագիրին, Լեհաստանի մօտ իր դեսպանին միջոցաւ ծրար մը ուղարկելով բազմանդամ` 8 մանուկներ ունեցող ընտանիքի մը։

Նոյնպէս Լեհաստանի մէջ կայ երեք մոգերու ներկայացումի սովորութիւնը, որ սկիզբ առաւ 2000-ին Վարշավիայի մէջ։ Այս տարի մոգերու ներկայացումը կը կազմակերպուի 187 քաղաքներու մէջ։ Հրապարակային հանդիսութեան նպատակն է հաւաքաբար տօնակատարութիւն կատարել մասնակցելով մոգերու ներկայացումին եւ միասին երգելու ծննդեան մեղեդիները։








All the contents on this site are copyrighted ©.