2014-12-18 11:10:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գոհունակութիւնը ԱՄՆ-ի եւ Քուպայի միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու վերահաստատումին ի տես


(Ռ.Վ. 18 դեկտեմբեր 2014) Երեքշաբթի, 17 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռը հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ ''Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը իր խորին գոհունակութիւն կը յայտնէ ՝ Միացեալ նահանգներու եւ Քուպայի կառավարութիւններու պատմական որոշումին ի տես, վերահաստատելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, ի շահ երկու պետութիւններու քաղաքացիներուն եւ յաղթահարելու դժուարութիւնները որոնք յատկանշեցին վերջին շրջանի պատմութիւնը։''
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ վերջին երկու ամիսներու ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը կապ հաստատած է Քուպայի եւ ԱՄՆ-ի նախագահներուն հետ հրաւիրելով զանոնք լուծումներ գտնել երկու երկիրներուն վերաբերող մարդկայնական հարցերու որոնց շարքին բանտարկեալներու հարցը։
Սուրբ Աթոռը, անցեալ հոկտեմբեր 2014-ին, վատիկանի մէջ ընդունելով երկու երկիրներու պատուիրակութիւնները, սատարած է երկու Պետութիւններու միջեւ կառուցողական երկխօսութեան հաստատումին որոնց արդիւնքով որոշ հարցեր լուծումի յանգեցան։
Սուրբ Աթոռի պիտի շարունակէ ապահովել իր թիկունքը երկու երկիրներու ձեռքբերած նախաձեռնութիւններուն՝ զարգացնելու եւ բարելաւելու երկկողմանի յարաբերութիւնները երկու Պետութիւններու ժողովուրդներու բարգաւաճման ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.